Վերջին 5 Տարիներուն Նոր Զօրանոցներու Կառուցումը Աւելցած է. Տիգրան Աբրահամեան

Հայաստան

Արցախի նախագահի խորհրդական Տիգրան Աբրահամեան ֆէյսպուքի իր էջին միջոցով յայտնած էր, որ վերջին տարիներուն կտրուկ աւելցած է նոր զօրանոցներու եւ ռազմական շինութիւններու կառուցումը:

Գրառումը ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ.

«Նոր զօրանոցներու կամ առհասարակ նոր ռազմական օբյեկտներու (շինութիւններու-ԵՌԳ․) կառուցումը վերջին 5 տարիներու ընթացքին կտրուկ աշխուժացած է:

«Երեւի թէ չկայ այնպիսի ռազմական նշանակութեան տեղամաս, ուր ամէն տարի միայն այս ուղղութեամբ փոփոխութիւններ չըլլան:

Զինծառայողներու ընկերա-կենցաղային վիճակի բարելաւումը նաեւ ուղիղ կապ ունի տուեալ ստորաբաժանման մարտունակութեան վրայ»: