Ամենայն Հայոց Հայրիկ՝ Մկրտիչ Խրիմեան
Յակոբ Մարտիրոսեան
Որքա՜ն ողջախոհ, որքա՜ն իրաւատես եւ սրտցաւ անհատականութեան տէր էր հանդէպ իր ազգին, արդարօրէն կոչուելով հայ ժողովուրդի «Հայրիկ», Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Մկրտիչ Խրիմեան: Ծնած է Վան, 1820ին. վախճանած է Երուսաղէմ, 1907-ին. կաթողիկոսութեան ժամանակաշրջան՝ 1892-1907:
Խրիմեան կաթողիկոս, իր նշանաւոր խօսքով՝ «Երկաթէ շերեփ»ով մնաց անմահ հայ ազգի զարթօնքի ճակատագրական պահերուն ազգային ազատագրական շարժումին առաջին ռահվիրան հանդիսանալով: Որպէս դաստիարակ, հրապարակագիր, քաղաքական, կղերական եւ ազգային գործիչ՝ ան խթանեց հայ ժողովուրդին ազգային ոգին, պայքարեցաւ Օսմանեան եւ Ռուսական կայսրութեանց դէմ, հայ ժողովուրդին հանդէպ կատարած անոնց անմարդկային անարդարութիւններուն համար: Ան պայքարեցաւ նոյնիսկ հայ կղերական դասի սադրանքներուն եւ մեծահարուստներու կեղեքումներուն դէմ, փրկելու համար հայ գաւառացին ու ռամիկ ժողովուրդը: Ան պայքարեցաւ Եւրոպայի մեծահամբաւ բայց փոքրոգի «մեծ» տէրութիւններու անտարբեր եւ շահամոլ վերաբերմունքներուն դէմ: Ու ան աչքերը փակեց՝ չկարենալով իրագործել այն բաները, որոնց համար պայքարած էր իր ամբողջ կեանքին ընթացքին:
Արդարեւ, այնքա՜ն հարազատ եւ ժամանակակից էին Խրիմեան Հայրիկին խօսքերը, յորդորներն ու հոգատար ազգային գործունէութիւնները, որոնք մինչեւ այսօր կը ղօղանջեն հայ ազգի ներկային եւ ապագային համար որպէս զգաստացման հրաւէրի զանգակներ:
Այն երեխաները, որոնք բեմ ելած էին ազգային Ֆերահեան վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, մասնակից դառնալու համար դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի կատարողութեամբ՝ Խրիմեան Հայրիկի կեանքի ներկայացման թատերական մենակատարութեան առիթով, հաւանաբար անոնք պիտի հասկնան ու կիրարկեն այդ յորդորները եւ հասկնան իմաստը անոր խօսքերուն, որոնք արտասանուած էին առաւել քան 100 տարի առաջ:
Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, Էնսինոյի Ֆերահեան Ազգային վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, Ուրբաթ, 29 Մարտի երեկոյեան տեղի ունեցաւ սոյն թատերական անզուգական մենակատարութիւնը, ներկայացուած՝ իրաքահայ գիտնական, փրոֆեսէօր, թատերագիր, թարգմանիչ, բանաստեղծ, դերասան, խմբագիր, բազմատաղանդ եւ բազմաթիւ կոչումներու ու մետալներու արժանացած դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի՝ Մկրտիչ Խրիմեանի կեանքին եւ գործունէութեան նուիրուած մենակատարութիւնը:
Խորհրդաւոր էր պահը, խիստ տպաւորիչ եւ հարազատ, երբ դոկտ. Մարգարեան մուտք գործեց բեմ, ապրելո՛ւ եւ հանդիսատեսը իրեն հետ ապրեցնելո՛ւ համար՝ Խրիմեան Հայրիկի կեանքին ու գործունէութեան տանջալից ու քարքարոտ շառաւիղը, քայլ առ քայլ, անոր ծննդեան օրէն սկսեալ մինչեւ վախճանը:
Մկրտիչ Խրիմեան Կաթողիկոս
«ՆՈՐ ՕՐ»
Դոկտ. Մարգարեանի թատերական ներկայացումը, իր հմուտ ու հարազատ, առաւել քան մէկուկէս ժամուան ներկայացումով, անտարակոյս ստեղծեց յուզումնալից պահեր, որոնք կ՛ուրուագծուէին տողանցելու համար հանդիսատեսներու միտքերուն եւ հոգիներուն մէջ, պահ մը վերյիշելու ու վերապրելու իրենց նախնիներուն՝ հայ ժողովուրդին կրած ջարդին ու աքսորին տքացող ցաւն ու յիշատակը:
Մենակատարութեան աւարտին, վարժարանին աշակերտները մասնակցեցան դոկտ. Մարգարեանի վերջին արարին, փոխանցելու համար Խրիմեան Հայրիկի պատգամը հայ ժողովուրդին:
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ պատշաճ հիւրասիրութեամբ:
Կը շնորհաւորենք դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի սոյն անզուգական եւ կատարեալ պատրաստութեամբ ներկայացուած մենակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ կազմակերպիչները, մաղթելով յարատեւութիւն եւ յաջողութիւն:
