Սէլինա Տողանը Սուրբ Զատիկի Նուէրներով Պոլսոյ Քաղաքապետարան Այցելած է

Աշխարհ, Սփիւռք

Պոլսոյ նորընտիր քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուն Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ նշուող Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան՝ Զատիկի տօնին առիթով հայկական եկեղեցիներ ծաղիկներ ուղարկած է։

Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր, ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութեան (CHP) հայ ներկայացուցիչ Սէլինա Տողան՝ ի պատասխան այդ քայլին՝ այցելած է քաղաքապետարան։

Տողան, որ այսօր Պոլսոյ հայաշատ Շիշլի շրջանի ղեկավար խորհուրդի անդամ է, այցին մասին գրած է Facebook-ի իր էջին, կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

«Զատիկի մեր ուրախութիւնը կիսեցինք Պոլսոյ քաղաքապետ պարոն Էքրեմ Իմամօղլուի հետ։

Տօնին առիթով մեր եկեղեցիներ անոր կողմէ ուղարկուած նուրբ ծաղիկներուն համար շնորհակալութիւն յայտնեցինք մեր մայրիկներու պատրաստած գաթաներով ու մեր երեխաներու ներկած հաւկիթներով»,- գրած է ան։