
Մարտ 1-ի Գործով Պիտի Հարցաքննուի Նաեւ Սերժ Սարգսեանը. Սասուն Խաչատրեան
Մարտ 1-ի գործով պիտի հարցաքննուի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին՝ այս մասին ըսաւ ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութեան պետ Սասուն Խաչատրեան: «Պիտի հարցաքննուին բոլորը, որոնք այս գործի հետ առնչութիւն ունեցած են, բոլորը առանց բացառութեան: Պիտի հարցաքննուի նաեւ Սերժ Սարգսեանը»,- «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` ըսաւ Խաչատրեան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ Մարտ 1-ի գործով ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան պիտի հարցաքննուի՞»:
Հարցումին, թէ ե՞րբ պիտի հարցաքննուի ՀՀ երրորդ նախագահը, ան պատասխանեց. «Ատիկա արդէն՝ ըստ քննութեան անհրաժեշտութեան՝ կ՛որոշէ քննիչը: Քննիչը կ՛որոշէ, թէ որուն երբ եւ ինչ հարցերու շուրջ հարցաքննէ: Ատիկա քննութեան մարտավարութիւնն է, եւ քննիչը պէտք է ծրագրէ իր գործողութիւնները, որպէսզի հարցաքննութիւնը ըլլայ արդիւնաւէտ: Հարցաքննութիւնը ինքնանպատակ չէ, հարցաքննութեան նպատակը որոշ տուեալներ ձեռք բերելն է»: