«Կանաչ Խանութ»-ը Վերամշակուած Հումքէ Հայկական Արտադրութեան Կենցաղային Իրեր Կը Վաճառէ
Կերպընկալի (Plastic) հաւաքագրումով եւ տեսակաւորումով զբաղող «Էքօ աղբ» հասարակական կազմակերպութան նոր նախաձեռնութիւնը` Green shop 4eco-ն, ստեղծուած է վերամշակուած կերպընկալէ իրեր գնելը խրախուսելու նպատակով: ՀՀ կառավարութեան ֆէյսպուքի էջին վրայ Green shop 4eco-գործունէութեան մասին պատմող տեսանիւթ մը հրապարակած է: «Թուղթը աղբ չէ» նախաձեռնութեան հեղինակ Հռիփսիմէ Մկրտչեան նշած է, որ «Կանաչ խանութ»-էն հնարաւոր է ձեռք բերել հայկական արտադրութեան կենցաղային իրեր` վերամշակուած հումքէ: Ինքնարժէքին աւելցուած գումարով նախաձեռնողները կը փորձեն ծածկել թափօնները հաւաքելու նախաձեռնութիւններու ծախսերը:
«Երեւանի մէջ շատ-շատ կը վաճառուին, օրինակ, թրքական ծաղկամաններ, սակայն կ՛արտադրուի նաեւ հայկականը` վերամշակուած կերպընկալէ, որ աւելի մատչելի է: Օրինակ` 17 լիթր տարողութեամբ թրքական ծաղկամանը կը վաճառուի 1200 դրամով, իսկ հայկականը` 950 դրամով»,- ըսած է ան` աւելցնելով, որ թերթէն նաեւ գրիչներ կը պատրաստեն եւ կը վաճառեն:
Հռիփսիմէ Մկրտչեան նշած է, որ Հայաստանի մէջ գրեթէ կը վերամշակուի ամէն ինչ: «Ունինք 5-6 գործարան, ուր կը վերամշակուին կերպընկալը, թուղթը, որմէ նաեւ վերամշակուած տոպրակներ կը պատրաստուի»,-ըսած է ան:
Սահմանամերձ գիւղերու հետ համագործակցելով կանայք պատրաստակամութիւն յայտնած էին տոպրակներ կարելու: «Մենք ատոնք պիտի վաճառենք նուազեցնելու համար կերպընկալէ տոպրակներու օգտագործումը: Մենք շահոյթ հետապնդող կազմակերպութիւն չենք եւ պիտի շարունակենք խրախուսել մարդիկ՝ թափօնները հաւաքեն եւ յանձնեն վերամշակման: Ատոր համար անոնք պիտի ստանան համապատասխան միաւորներ` ատոնք այնուհետեւ փոխարինելով վերամշակուած աղբէ պատրաստուած իրերով»,-աւելցուցած է Մկրտչեան:
