Սուրիոյ Մէջ Մեր Հիմնական Ծրագիրը «Ճապհաթ Ալ Նուսրա» Զինեալ Ահաբեկչական Խմբաւորման Դէմ Պատերազմն է. Լաւրով

Աշխարհ

Օգոստոս 14-ին, Անգարա այցելութեան ընթացքին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով իր թուրք պաշտօնակից Մահմուտ Չաւուշօղլուի հետ միացեալ ասուլիսին ընթացքին հաստատեց, որ սուրիական կարգ մը տարածքներ ազատագրելէ ետք, այժմ իրենց հիմնական պարտականութիւնն է  «Ճապհաթ ալ Նուսրա» զինեալ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պատերազմ մղելը:

Ըստ «Գանձասար»-ի՝ Լաւրով ըսաւ, որ Իտլիպի շուրջ լարուածութեան մեղմացման գօտիներու համաձայնութիւնը ահաբեկչական խմբաւորումները չի ներառեր, իսկ սուրիական բանակը իր երկրի տարածքին ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իրաւունքը ունի՝ շեշտելով, որ Ռուսիա մինչեւ օրս զօրավիգ կը կանգնի Սուրիոյ՝ ահաբեկչութեան դէմ իր պայքարին մէջ:

Լաւրով յայտնեց, որ արեւմուտքը եւ յատկապէս ԱՄՆ կը փորձեն խոչընդոտել Ասթանայի գործընթացը՝ աւելցնելով, որ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ պատժամիջոցներ պարտադրելու նպատակը Ասթանայի համաձայնութիւնը ձախողութեան մատնելն է:

Ապա աւելցուց, որ ներկայիս անհրաժեշտ է սկսիլ Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներուն եւ սուրիացի փախստականներու վերադարձի խրախուսումին ՝ շեշտելով, որ արեւմուտքը պէտք է յառաջ մղէ այս օրակարգը:

Իր կարգին Օղլու ըսաւ,- «Սուրիոյ մէջ ապօրինի միջամտութիւններուն պէտք է վերջ դրուի: Իսկ ԱՄՆ եթէ կ’ուզէ պահպանել իր շահերը, պէտք չէ խօսի հրահանգի լեզուով: Ռուսիոյ դէմ ԱՄՆ-ի որդեգրած միակողմանի ճնշումները եւ Իրանին պարտադրուած պատժամիջոցները կը խախտեն միջազգային օրէնքը»։ Ան դիտել տուաւ, որ նման քայլեր ժխտական ազդեցութիւն պիտի ունենան նաեւ Թուրքիոյ վրայ ու իր երկրի ղեկավարները պիտի ստիպեն այլ շուկաներ որոնել ու նոր դաշինքներ կնքել երկրի տնտեսութիւնը զարգացնելու համար:

 

Leave a Reply