
ՀՀ Կրթութեան եւ Գիտութեան Նախարարը Ծնողներուն Կոչ Կ՝ընէ Յեղափոխութեան Խորհրդանիշներով Դպրոցական Պարագաներ Չգնելու
ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան ծնողներուն կոչ կ՝ընէ յեղափոխութեան խորհրդանիշներով դպրոցական պարագաներ չգնելու:
«Վերջին օրերուն համացանցի վրայ յայտնուած են հրապարակումներ, որոնց համաձայն՝ որոշ ձեռներէցներ կը վաճառեն յեղափոխութեան խորհրդանիշներով դպրոցական պարագաներ՝ գրիչներ, օրագիրներ, տետրակներ եւ այլն:
Հասկնալով հանդերձ յեղափոխութեան վերաբերեալ ոգեւորութիւնը՝ այդուամենայնիւ կը վերահաստատենք դպրոցները ապաքաղաքականացնելու մեր յանձնառութիւնը, եւ կոչ կ՝ընեմ ու կը յորդորեմ ծնողներուն չգնելու նման արտադրանք իրենց դպրոցահասակ երեխաներուն համար»,- գրած է նախարարը՝ դիմատետրի իր էջին։