Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Վաղը Առաւօտ Կը Մեկնի Հալէպ

Սփիւռք

Վաղը առաւօտ, Վեհափառ Հայրապետը պիտի մեկնի Հալէպ, ուր օծումը պիտի կատարէ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցոյ։ Այս առիթով, Վեհափառը նաեւ հանդիպումներ եւ այցելութիւններ պիտի ունենայ։

Նորին Սրբութիւնը Հալէպ պիտի մնայ 4 օր։ Անոր պիտի ընկերանան միաբան հայրեր եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներ։