
Հայ Դատը Պիտի Մեծարէ Վարժողական Ծրագիրներու Մասնակցիները
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Կիրակի, Հոկտեմբեր 7ին կայանալիք իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին պիտի մեծարուին նախորդ տարեշրջանին Հայ Դատի զանազան վարժողական ծրագիրներու մասնակցած հայորդիներ, որոնք են՝ Էրիք Ադամեան, Լիլիթ Դանիէլեան, Զօհրապ Թոմպուլեան, Ռոպերթ Մուրատեան, Սարգիս Քամպերեան, Օնտրիա Իսախանեան, Նիքոլ Արսլանեան, Թալին Նազարեան, Լիլիթ Բազիկեան, Քրիստափոր Խաչատուր եւ Լուսին Միխանճեան։
«Վարժողական ծրագիրներու մասնակիցները իրենց ապագայ արհեստավարժ կեանքին մէջ յատկանշական ներդրում կը կատարեն՝ նման ծրագիրներու մասնակցելով եւ անոնց միջոցաւ կարեւոր փորձառութիւններ ձեռք ձգելով։ Վարժողական ծրագիրներու մասնակիցներուն մեծարումը առիթ մըն է անոնց կամաւոր աշխատանքին արդիւնքը միասնաբար տօնելու, նկատի ունենալով, որ անիկա նպաստաւոր է ոչ միայն իրենց, այլեւ Հայ Դատին համար», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարժողական ծրագիրները համակարգող Լոռի Սինանեան։
Սոյն վարժողական ծրագիրներու մասնակիցները գործնական մասնակցութիւն բերած են Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի զանազան նախաձեռնութեանց, իսկ վարժողական ծրագիրներու աւարտէն ետք եւս, անոնցմէ շատեր, զանազան յանձնախումբերու միջոցաւ կը շարունակեն իրենց նպաստը բերել Հայ Դատին։
Ստորեւ՝ մեծարեալներուն ամփոփ կենսագրականները.
2017ի ԱՇՆԱՆԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐ
ԷՐԻՔ ԱԴԱՄԵԱՆ.- Քալիֆորնիոյ Նահանգային «Փոլիթեքնիք» համալսարանի Փոմոնայի մասնաճիւղէն նոր շրջանաւարտ (պատմութեան ճիւղի մէջ) Էրիքը ներկայիս Կլենտէյլ քաղաքի Համայնքային սպասարկութեանց բաժանմունքի պաշտօնեայ է։ Ան եղած է Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճի Հայ ուսանողական միութեան ատենապետ եւ մասնակցած է Սաքրամենթոյի մէջ Հայ Դատի ջատագովման մէկ ձեռնակի՝ ականատես դառնալով Հայաստանի եւ Արցախի հետ նահանգին յարաբերութիւնները սերտացնելու նպատակով տարուած ջանքերուն։
ԼԻԼԻԹ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ.- Ներկայիս Հարաւային Քալիֆորնիոյ Հայ դեմոկրատներ կազմակերպութեան հաղորդակցութեանց վարիչն է։ Ան այդ կազմակերպութեան հետ գործակցելու սկած էր իր վարժողական ծրագիրի օրերուն։ Լիլիթը Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճի ուսանող է։
ԶՕՀՐԱՊ ԹՈՄՊՈՒԼԵԱՆ.- Համալսարանական իր ուսումը շարունակելու համար 2015ին Տիթրոյիթէն Քալիֆորնիա փոխադրուած Զօհրապը շրջանաւարտ է ՀԲԸՄի Ալեք եւ Մարի Մանուկեան վարժարանէն եւ անդամ է տեղւոյ ՀՄԸՄին, ՀԵԴին եւ Համազգայինին։ Ներկայիս, ան Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճի ուսանող է եւ շուտով պիտի փոխանցուի Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ըրվայինի մասնաճիւղ։
2018ի ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԻ
ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐ
ՌՈՊԵՐԹ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ.- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի երրորդ տարուան ուսանող Ռապըրթը կը մասնագիտանայ տնտեսագիտութեան մէջ, իսկ նախապէս եղած է Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճի ուսանող՝ հանդիսանալով անոր Հայ ուսանողական միութեան գործօն անդամներէն մէկը։ Ան Հայաստան ծնած եւ հասակ նետած է, իսկ շրջան մը Մոսկուա ապրելէ ետք՝ Միացեալ Նահանգներ հաստատուած է։
ՍԱՐԳԻՍ ՔԱՄՊԵՐԵԱՆ.- Կլենտէյլի հանրային երկրորդական վարժարանէն շրջանաւարտ Սարգիսը Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի ուսանող է՝ մասնագիտանալով տեղեկատուական համակարգերու ապահովութեան ճիւղին մէջ։
2018ի ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐ
ՕՆՏՐԻԱ ԻՍԱԽԱՆԵԱՆ.- Օնտրիան նոր շրջանաւարտ եղած է Նիւ Եորքի «Ֆորտըմ» համալսարանէն՝ պսակաւոր արուեստից վկայական ստանալով հաղորդակցութեանց եւ լրատուամիջոցներու ճիւղին մէջ, իբրեւ երկրորդ մասնագիտութիւն ունենալով գործարարական վարչութիւնը: Ան գործօն անդամ էր Նիւ Եորքի ՀԵԴի «Հայորդիք» ուխտին եւ Ամերիկահայ ճարտարագէտներու ու գիտնականներու ընկերակցութեան: Ան նպատակ ունի իրաւաբանութիւն ուսանելու:
ԹԱԼԻՆ ՆԱԶԱՐԵԱՆ.- Թալին երրորդ տարուան ուսանող է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղին մէջ՝ մասնագիտանալով քաղաքական գիտութեանց եւ հանրային սպասարկութեանց ճիւղերուն մէջ: Ան գործօն անդամ է նոյն համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան, եղած է անոր մշակութային յանձնախումբի ատենապետը եւ յառաջիկայ կրթական տարեշրջանին պիտի ըլլայ Համահայկական ուսանողական միութեան մօտ իր համալսարանին ներկայացուցիչը: Ան համալսարանէն ներս շարք մը ծրագիրներ իրագործած է, ուսանողութիւնը իրազեկ դարձնելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայ մշակոյթին մասին:
ՆԻՔՈԼ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ.- Նիքոլը երկրորդ տարուան ուսանող է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ ու կը մասնագիտանայ քաղաքական գիտութեանց ճիւղին մէջ՝ նպատակ ունենալով շարունակել ուսումը իրաւաբանութեան մէջ: Ան անդամ է նոյն համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան, ինչպէս նաեւ՝ «Կիներ իրաւաբանութեան մէջ» ակումբին: Շրջանաւարտ է ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան երկրորդական վարժարանէն, եղած է անոր վոլիպոլի խումբի խմբապետը եւ աշակերտական խորհուրդի փոխնախագահը:
2018Ի ԼԷՕ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ԾՐԱԳԻՐԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ
ԼԻԼԻԹ ԲԱԶԻԿԵԱՆ.- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղի երրորդ տարուան ուսանող է՝ մասնագիտանալով ուսողութեան մէջ. ան նպատակ ունի տնտեսագիտութեան մէջ շարունակելու իր մասնագիտութիւնը: Անցեալին, ան մասնակցած է Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի վարժողական ծրագիրին եւ արժանացած է անոր «Երիտասարդ Գործիչ» մրցանակին:
ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐ.- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղի աւարտական տարուան ուսանող է եւ կը մասնագիտանայ պատմութեան ու քաղաքական գիտութեան ճիւղերուն մէջ. նոյն համալսարանէն ներս գործող հայկական «Ալֆա Էփսիլոն Օմեկա» ակումբի նախագահն է, ինչպէս նաեւ՝ Հայ ուսանողական միութեան անդամ: Երկար տարիներէ ի վեր նաեւ անդամ է ՀԵԴ Փասատինայի «Նիկոլ Դուման» ուխտին:
ԼՈՒՍԻՆ ՄԻԽԱՆԱՃԵԱՆ.- Հասակ նետած է Օրենճ Քաունթիի մէջ եւ վերջերս պսակաւոր արուեստից վկայականը ստացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ռիվըրսայտի մասնաճիւղէն՝ հանրային քաղաքականութեան ճիւղին մէջ: Ան եղած է իր համալսարանի հանրային քաղաքականութեան ներկայացուցիչը եւ վարժողական ծրագիրի մը մասնակցած է Ռիվըրսայտի քաղաքապետի գրասենեակին մէջ:
Յայտնենք, որ Կիրակի, 7 Հոկտեմբերին կայանալիք Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Պեվըրլի Հիլզ քաղաքի «Պեվըրլի Հիլթըն» պանդոկը, կ.ե. ժամը 4:30էն սկսեալ:
Ձեռնարկը առիթ մըն է քննելու Հայ Դատի վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը ու պատուելու Հայ Դատին ի նպաստ գործունէութիւն ծաւալած գործիչներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ:
Այս տարուան մեծարեալներու շարքին են՝ Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ պարոնուհի Քերոլայն Քոքս, որ պիտի ստանայ «Արդարութեան Ջատագով» մր-ցանակը, «Ժողովուրդի Առաջամարտիկ» մրցանակը պիտի յանձնուի երաժիշտ, յօրինող եւ քաղաքական գործիչ, «Սիսթըմ աֆ ը Տաուն» խումբի երգիչ Սերժ Թանգեանին, իսկ «Ուրացման Ճարտարապետները» (Architects of Denial) վաւերագրական ֆիլմի արտադրութեան մասնակցած խումբը պիտի ստանայ Հայ Դատի յանձնախումբի «Լրատուութեան մարզին մէջ գերազանցութիւն» մրցանակը:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, դիմել info@ancawr.org հասցէին, կամ՝ (818) 500-1918 թիւին: