Այսուհետեւ Զբօսաշրջիկներէն Արցախ Մուտքի Արտօնագրի Համար Պետական Տուրք Պիտի Չգանձուի

Հայաստան

Այսօր՝ Մարտ 27-ին Արցախի Ազգային ժողովը 24 կողմ ձայնով ընդունած է «Պետական տուրքի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու առաջարկները: Այսուհետեւ մինչեւ 21 օր ժամկէտով մէկ անգամուան զբօսաշրջային մուտքի արտօնագրի համար զբօսաշրջիկներէն պետական տուրք պիտի չգանձուի:

Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի խօսքով` օրէնսդրական փոփոխութիւններուն նպատակն է խթանել զբօսաշրջութեան` որպէս Արցախի տնտեսութեան հեռանկարային ճիւղի զարգացումը:

Աւելցնենք, որ օտարերկրեայ քաղաքացիներու մուտքի արտօնագիրները պիտի ձեւակերպուին Արցախի սահմանակէտերուն վրայ: