
ՀՀ Ազգային Ժողովը Վաւերացրեց Իրանի եւ ԵԱՏՄ-ի Միջեւ Ազատ Առեւտուրի Գօտի Ձեւաւորելուն Ուղղուած Համաձայնագիրը
ՀՀ Ազգային ժողովը ընդունեց Իրանի եւ ԵԱՏՄ անդամ երկիրներու միջեւ ազատ առեւտուրի գօտիի ձեւաւորելու մասին ժամանակաւոր համաձայնագիրը վաւերացնելու մասին օրէնքի նախագիծը:
Նախագիծը ընդունուեցաւ Ազգային ժողովի Մարտ 27-ի հերթական նիստի ընթացքին:
Մէկ կողմէն ԵԱՏՄ-ի եւ անոր անդամ երկիրներուն եւ միւս կողմէն Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ազատ առեւտուրի գօտիի ձեւաւորման ուղղուած ժամանակաւոր համաձայնագիրը վաւերացնելու մասին օրէնքի նախագիծին կողմ քուէարկեց 118, դէմ` 1 պատգամաւոր, ձեռնպահ մնաց երկու պատգամաւոր:
Համաձայնագիրով շարք մը ապրանքատեսակներու` Իրան արտահանման համար մաքսատուրքերը պիտի նուազեցին: