Աղէտաբեր Ջրհեղեղ Իրանի Աւելի Քան Տասը Նահանգներու Մէջ (լումանկարներ)

Աշխարհ

Անցնող չորս օրերուն ընթացքին Իրանի մէջ տեղացած է եւ դեռ կը շարունակէ տեղալ յորդառատ անձրեւ. յառաջացած է ահռելի հեղեղ, որ պատճառած է աւերներ եւ մահացու դէպքեր: Տուժածներուն օգնութեան հասած են «Կարմիր Մահիկ»ն ու զինուած ուժերը, աղէտի վայր ժամանած են շարք մը նախարարներ: Հաւանաբար յառաջանայ նաեւ արտասահմանեան օգնութեան անհրաժեշտութիւն։