
Եւրոմիութիւնը Ատրպէյճանէն Պահանջած Է Ազատ Արձակել Բոլոր Քաղաքական Բանտարկեալները
Ատրպէյճանցի ընդդիմադիր քաղաքական գործիչ Իլկար Մամետով հինգ տարուան բանտարկութենէն ետք պայմանական ազատ արձակելու Շեքիի վերաքննիչ դատարանի վճիռը երկար սպասուած քայլ էր, յայտարարած է Եւրոպայի արտաքին քաղաքական ծառայութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը, կը տեղեկացնէ «Արմենփրես»-ը:
«Եւրոմիութիւնը Եւրոպայի խորհուրդի հետ մէկտեղ ուշադրութեամբ կը հետեւի Մամետովի գործին: Կը սպասուի, որ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի վճիռները լիովին կատարուին»,- ըսուած է Օգոստոս 14-ի երեկոյեան Պրիւքսելի մէջ տարածուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ Եւրոմիութիւնը յոյս ունի, որ «Ատրպէյճանի` որպէս ՄԱԿ-ի, Եւրոպայի Խորհուրդի եւ ԵԱՀԿ-ի անդամի միջազգային պարտաւորութիւններուն համապատասխան, անվերապահօրէն ազատ պիտի արձակուին եւ արդարացուին բոլոր անոնք, որոնք ներկայիս կը գտնուին կալանքի տակ կամ տեղաշարժման սահմանափակումներու կ՛ենթարկուին քաղաքական դրդապատճառներով»:
Նախապէս Ատրպէյճանի Գերագոյն դատարանը վճիռ կայացուցած էլ Մամետովի գործը, որ դատապարտուած Է եօթ տարով, վերադարձնել Շեքիի վերաքննիչ դատարանի քննութեան: Օգոստոս 13-ին յայտնի դարձաւ, որ ան ազատ արձակուած է։