Սփիւռքի Գործերով Յանձնակատարը Իր Ժամանակին Մեծ Մասը Գործուղումներով Պիտի Անցնէ

Հայաստան

«Մեր գործառոյթներն ու անոնց ուղղութիւններն արդէն յստակ են: Մենք պիտի աշխատինք 4 ուղղութեամբ՝ հայրենադարձութիւն եւ համարկում, հայապահպանութիւն եւ համայնքներուն աջակցութիւն, համահայկական օրակարգի ձեւաւորում եւ Սփիւռքի ներուժի ներգրաւում երկրի զարգացման գործընթացներուն: Ինչ կը վերաբերի գործառոյթներուն, այստեղ առաջին հերթին կը կարեւորեմ համայնքներու հետ կապերու պահպանումն ու ամրապնդումը, երկրորդ՝ պիտի մշակենք յստակ ռազմավարութիւն, պիտի համադրենք 12 նախարարութիւններու ծրագիրները: Այսինքն, մենք կ՛ըսենք, որ սփիւռքի մէկ նախարարութեան փոխարէն՝ հիմա մենք պիտի ունենանք 12 նախարարութիւն, որոնք պիտի զբաղին Սփիւռքի հարցերով», յայտնած է սփիւռքի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Բաբգէն Տէր Գրիգորեան։

Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը, ըստ Բաբգէն Տէր Գրիգորեանի, պիտի ունենայ 20-25 աշխատողներ: Ան յայտնեց, որ գրասենեակին շնորհիւ՝ Հայաստան–Սփիւռք կապերը նոր մակարդակի պիտի բարձրանան:

Նոր կառոյցին շուրջ Սփիւռքի հայկական համայնքներուն կարծիքը առնելու հարցին պատասխանելով՝ Տէր Գրիգորեան նշեց. «Գիտէք՝ Սփիւռքի կարծիքը ամբողջական չէ եղած: Սփիւռքը բազմաշերտ է, եւ մենք ունեցած ենք տարբեր կարծիքներ: Պէտք է նշեմ, որ բացասական կարծիքները յառաջացան այն ժամանակ, երբ կ՛որոշուէր նախարարութեան կարգավիճակը: Սակայն հիմա, երբ կը խօսինք այս նոր ձեւաչափի մասին Սփիւռքի տարբեր ներկայացուցիչներու հետ եւ կը բացատրենք, թէ ինչ կը պատկերացնենք, կարծիքները այլ են»:

Գրասենեակի պիւտճէն, ըստ Տէր Գրիգորեանի, նախարարութեան պիւտճէին համեմատ աւելի սահմանափակ պիտի ըլլայ, որովհետեւ ծրագիրներ իրականացնելու պաշտօն պիտի չունենայ նոր կառոյցը, սակայն պիտի մեծնայ գործուղումներու պիւտճէն: «Նախարարը ունի ամէնօրեայ պարտականութիւն կառավարութեան մէջ, յանձնակատարը շատ աւելի ազատ պիտի ըլլայ՝ շատ աւելի ժամանակ անցնելու համայնքներուն մէջ, որպէսզի մօտիկէն կարենայ ծանօթանալ, թէ համայնքներուն մէջ ինչ խնդիրներ կան»:

Հայրենադարձութեան մասին խօսելով՝ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատարը շեշտը կը դնէ ոչ թէ քանակին վրայ, այլ՝ որակին: «Շեշտը պէտք է դնել գիտական, մասնագիտական հայրենադարձութեան վրայ, որ պիտի ըլլայ մեր տնտեսական յեղափոխութեան շարժիչ ուժը»:

Տէր Գրիգորեան նշեց նաեւ, որ յանձնակատարի պաշտօնը ստանձնելու առաջարկ չէ ստացած, սակայն պատրաստ է ծառայելու Հայաստանի Հանրապետութեան այնպէս, ինչպէս կառավարութիւնը յարմար կը գտնէ: