
Հայ Մամուլին Նուիրուած Համահայկական Համաժողով Անթիլիասի Մէջ՝ Յուլիս 2-4
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տեղեկատուական բաժանմունքը կը հաղորդէ, թէ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի հռչակած Հայ Մամուլի տարուան առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ հայ մամուլին նուիրուած համահայկական համաժողով, 2էն 4 Յուլիսին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ:
Համաժողովին պիտի մասնակցին Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ գործող մամուլի գլխաւոր խմբագիրներ եւ մամուլի գործիչներ:
Համաժողովը պիտի քննարկէ հայկական լրատուադաշտին այսօրուան մարտահրաւէրները, համագործակցութեան ուղիները, արդիական մեթոտները, տեղեկատուական անվտանգութեան հարցերը, ապատեղեկատուութեան յարուցած դժուարութիւնները, ընկերային ցանցերու ունեցած դերը՝ լրատուական աշխարհին վրայ, հայ տպագիր մամուլին այսօրուան տագնապները, հայապահպանման առաքելութեան վերաիմաստաւորումը եւ միջազգային հանրային կարծիքի ձեւաւորման նպաստող գործնական աշխատանքները:
Մամուլի այն գործիչները, որոնք կը փափաքին ներկայ ըլլալ համաժողովին, պէտք է իրենց դիմումը ուղարկեն կաթողիկոսարան, մինչեւ 15 Ապրիլ, հետեւեալ հասցէին՝
info@armenianorthodoxchurch.org: Անհրաժեշտութեան պարագային, անոնք կրնան կապ հաստատել Խաչիկ Տէտէեանի հետ (հեռաձայն՝ + 961 4 410001):
Մասնակցութեան հաստատման պարագային, կաթողիկոսարանը կը ստանձնէ մասնակցողներուն օդակայանէն դիմաւորումը, ժողովավայր փոխադրութիւնը եւ կեցութիւնը (2, 3, 4 Յուլիս 2019): Ճանապարհածախսը կը հոգան մասնակցողները:
Համաժողովի օրակարգին եւ այլ մանրամասնութիւններու մասին մասնակցողները հետագային տեղեակ պիտի պահուին: