ԱՄՆ Արտաքին Գործոց Նախարարը Այցելած է Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան Տաճարի Հայկական Բաժին

Աշխարհ, Սփիւռք

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ այցելած է Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճար եւ տաճարի հայկական բաժին:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, Փոմփէօ մոմ վառած է հայկական եկեղեցւոյ պատկանող տարածքին մէջ, որմէ ետք Սուրբ Յարութեան տեսուչ Հոգշ. Տ. Սամուէլ Ծ. վարդապետ Աղոյեան Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանի եւ Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան անունէն բարի գալուստ յայտնած է անոր:

Այնուհետեւ ան խօսած է Երուսաղէմի մէջ հայկական ներկայութեան մասին:

Իր խօսքը Հայր Սուրբը աւարտած է հետեւեալ խօսքերով. «Կը մաղթենք, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ձեր ջանքերը պսակուին յաջողութեամբ եւ Սուրբ Երկրին մէջ բնակող բոլոր ազգերն ու կրօններու հետեւորդները ապրին խաղաղ ու բարգաւաճ»: