Տող Գիւղի Յարակից Տարածքին «Արցախի Երիտֆորում 2018» Ծրագիրը Պիտի Իրականացուի

Այլեւայլ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը եւ «Յանուն Արցախի» երիտասարդական հասարակական կազմակերպութիւնը, Օգոստոս 24-27, Հադրութի շրջանի Տող գիւղի յարակից տարածքին վրայ գտնուող «Նոր կեանք» համալիրին մէջ՝ համատեղ ուժերով՝ պիտի իրականացնեն «Դուն երիտասարդ ես» խորագիրով «Արցախի Երիտֆորում 2018» ծրագիրը: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի՝ յայտնած է ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան երիտասարդութեան հարցերու բաժինի պետ Դաւիթ Ղուկասեան:

Անոր խօսքով՝ արդէն 6-րդ տարին է, որ Արցախի մէջ կը կազմակերպուի նման ծրագիր, որուն հնարաւորութիւն կ՝ունենան մասնակցելու 18-35 տարեկան երիտասարդներ:

Այս տարի «Արցախի Երիտֆորում 2018» ծրագիրին պիտի մասնակցին Արցախի բոլոր շրջաններէն 7-ական գործունեայ երիտասարդ, ինչպէս նաեւ համալսարաններու ուսանողական խորհուրդներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու անդամներ: Ընդհանուր առմամբ, մասնակիցներուն թիւը կը կազմէ շուրջ 80 հոգի:

Ծրագիրին ծիրէն ներս՝ կը նախատեսուի կազմակերպել Արցախի պետական գերատեսչութիւններու ղեկավարներու հետ հանդիպումներ, այցելութիւններ պատմամշակութային վայրեր եւ տարաբնոյթ մշակութաժամանցային ձեռնարկներու իրականացում:

«Ծրագիրին նպատակն է նպաստել Արցախի երիտասարդական ներուժի աշխուժացման ու զարգացման, բարձրացնել երիտասարդներու մասնակցութիւնը համայնքի զարգացման գործին, խթանել միջհամայնքային համագործակցութիւնը: Ստեղծել յատուկ բարեկամական եւ անմիջական մթնոլորտ, ուր տարբեր շրջաններէ ժամանած երիտասարդները հնարաւորութիւն պիտի ունենան ծանօթանալու եւ շփուելու իրարու հետ»,- ըսած է Դ. Ղուկասեան:

 

Leave a Reply