IDC-ն Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան Չմիջամտելու Կոչ Ըրաւ Անգարային
Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու պաշտպանութեան խորհուրդը՝ «Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներուն»-ը, կոչ ըրաւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որ միջամուխ չըլլան Պոլսոյ Հայոց յաջորդ պատրիարքը ընտրելու գործընթացին, կը հաղորդէ Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի կայանը ։
Պոլսոյ Հայոց 84-րդ պատրիարքին՝ Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի վախճանման առիթով իր հրապարակած ցաւակցական յայտարարութեան մէջ, կազմակերպութիւնը նաեւ յիշեցուց, որ Անգարա արդէն իսկ քանի մը առիթներով կասեցուցած է նոր պատրիարք մը ընտրելու նպատակով սկսած գործընթացը։
«Եկեղեցիները իրաւունք պէտք է ունենան ընտրելու իրենց առաջնորդները, առանց պետութեան միջամտութեան», շեշտեց «Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներուն»-ի խորհուրդի նախագահ Թաուֆիք Պաաքլինի։