Ատրպէյճան Կը Վերաբնակեցնէ Արցախէն Գրաւած Հողերը

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արտակ Ներսիսեան «Նիուզ»-ին մեկնաբանեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը, թէ Արաքսաւանի կառուցման ծրագիրը կը խախտէ Ժընեւի համաձայնութիւնները եւ անոնց Լրացուցիչ արձանագրութիւնները:

«Նիուզ»-ը Արտակ Ներսիսեանին հարցուց. «Մարտի սկզբին, մեկնաբանելով Արցախի հարաւը Արաքսաւան բնակավայրի կառուցման ծրագիրները՝ Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն այդ քայլը որակած է որպէս Ժընեւի համագումարներու եւ անոնց Լրացուցիչ արձանագրութիւններու խախտում: Միեւնոյն ժամանակ, Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան պնդումով՝ Արաքսաւանի մասին յայտարարութիւնները «ակնյայտ յարձակում են ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու հովանիին տակ ընթացող երկարամեայ բանակցային գործընթացի վրայ»: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք ատրպէյճանական կողմի նման յայտարարութիւնները», Արտակ Ներսիսեան պատասխանած է.

«Ատրպէյճանի ԱԳՆ մեկնաբանութիւնը ոչ այլ ինչ է, քան ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ առկայ իրավիճակի համար իր պատասխանատուութիւնը ուրիշին վրայ բարդելու փորձ: Ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին աւելի մեծ վնաս կը հասցնէ ատրպէյճանական կողմի ապակառուցողական մօտեցումները բանակցային գործընթացի շուրջ, հրադադարի միջազգային վերահսկողութեան լիարժէք մեքանիզմներու (մեքենակառոյցներու-Խմբ.) ներդրման մերժումը, հասարակութեան խաղաղութեան նախապատրաստելու չկամութիւնը, հասարակական խաղաղարար նախաձեռնութիւններոու տապալումը, պատերազմի քարոզչութիւնը, հայատեացութեան արմատաւորման ուղղուած պետական քաղաքականութիւնը, հայերու հանդէպ ատելութեան հողի վրայ կատարուող յանցագործութիւններու խրախուսումը, Արցախի մեկուսացման փորձերը եւ այլն:

Նոյնչափ մերկապարանոց են նաեւ ատրպէյճանական կողմի մեղադրանքները Ժընեւի համաձայնագիրներու եւ անոնց Լրացուցիչ արձանագրութիւններու խախտման մասին: Այդ հարցը վաղուց պաշտօնական Պաքուի կողմէ ինչպէս բազմաթիւ շահարկումներու առարկայ դարձած է, այնպէս ալ բազաթիւն անգամներ հերքուած է:

Արաքսաւանի հարցը պէտք է դիտարկուի Արցախի գրաւուած տարածքներէն եւ Ատրպէյճանէն հայ ներքին տեղահանուածներու ու փախստականներու մարդու իրաւունքներու ու կեանքի համար արժանապատիւ պայմաններու ապահովման անհրաժեշտութեան տեսանկիւնէ: Այդ մարդիկ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան ուժային լուծման քաղաքականութեան ծիրէն ներս ատրպէյճանական ղեկավարութեան կողմէ իրականացուած ցեղային զտումներու եւ տեղահանութեան զոհ դարձած են: Ատրպէյճանէն եւ Արցախի գրաւուած տարածքներէն հայ փախստականներու եւ ներքին տեղահանուածներու կողմէ բնակութեան նոր տարածքներու մէջ հաստատուիլը չի կրնար քննադատութեան առարկայ հանդիսանալ՝ հաշուի առնելով նաեւ, որ ատրպէյճանական իշխանութիւնները ոչ միայն հրաժարած են նիւթական եւ բարոյական վնասի փոխհատուցում վճարելէ անոնց, այլեւ կը շարունակեն խախտել անոնց իրաւունքները՝ խոչընդոտելով փախստականներու հարցերով զբաղուող միջազգային մասնագիտացուած կազմակերպութիւններու Արցախ այցերը:

Ընդհանուր առմամբ, Ժընեւի համաձայնագիրներու խախտման մասին Պաքուի մեղադրանքները աւելի քան կեղծ են, հաշուի առնելով այն, որ ատրպէյճանական իշխանութիւնները կ՛իրականացնեն Արցախի հանրապետութենէն գրաւած տարածքներու, մասնաւորապէս, Շահումեանի շրջանի եւ Մարտակերտի շրջանի մէկ մասի բնակեցման պետական քաղաքականութիւն»։