Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբին Շնորհակալական Նամակը՝ Յունաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանութեան
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կողմէ Ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման օր հռչակելուն առիթով՝ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբը շնորհակալական նամակ մը յղած է Յունաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Քրիսթոֆ Շանտեփի, յունահայութեան անունով ողջունելով նախագահ Մաքրոնի յայտարարութիւնը։
Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ, Փարիզի մէջ կայացած Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդին տարեկան ընթրիքին ընթացքին, նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, Ապրիլ 24-ը յայտարարեց Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման ազգային օր հռչակելու իր նպատակին մասին՝ յարգելով խոստումը, որ տուած էր քանի մը ամիս առաջ, Երեւանի մէջ Ֆրանսախօս երկիրներու խորհրդաժողովին ընթացքին։
