Հայաստանը Ներկայացնող Ջրացատկորդներ Վլատիմիր Յարութիւնեան-Լեւ Սարգսեան Զոյգը Եւրոպայի Առաջնութեան Պրոնզէ Մետալակիր

Այլեւայլ, Հայաստան

Օգոստոս 6-12, Մեծ Բրիտանիոյ մէջ ընթացող ջրային մարզաձեւերու Եւրոպայի առաջնութեան, 10 մեթր սինքրոն աշտարակացատկ մրցաձեւին մէջ, ջրացատկորդներ Վլատիմիր Յարութիւնեան-Լեւ Սարգսեան զոյգը յայտնուած է 3֊րդ տեղը՝ զիջելով Ռուսիոյ Դաշնութիւնը (1-ին տեղ) եւ Մեծ Բրիտանիան (2-րդ տեղ) ներկայացնող զոյգերը։ Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն:

Օգոստոս 10-ին, 3 մեթր սինքրոն ոստնակացատկին հանդէս կու գայ Վլատիմիր եւ Ազատ Յարութիւնեան եղբայրներու զոյգը, իսկ Օգոստոս 12-ին, մրցահարթակ կը բարձրանան Լեւ Սարգսեան եւ Վարդան Պայանտուրեանը (10 մեթր աշտարակացատկ):

Ջրացատկի ՀՀ հաւաքականը մրցավայր մեկնած է Վլատիմիր Յարութիւնեան, Ազատ Յարութիւնեան, Լեւ Սարգսեան, Վարդան Պայանտուրեան կազմով՝ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Հրաչեայ Չանդիրեանի գլխաւորութեամբ:

 

Leave a Reply