ԼՂ Հակամարտութիւնը Կրնայ ՌԴ Ներգրաւուածութեամբ Լայնածաւալ Ռազմական Հակամարտութեան Վերածուիլ. ԱՄՆ Ազգային Հետախուզութեան Ղեկավար
ԱՄՆ-ի կարծիքով` ԼՂ հակամարտութիւնը կրնայ նոր թափ հաւաքուիլ եւ անգամ այս կամ այլ աստիճանով ՌԴ-ն «ներքաշել»: Այս մասին, ըստ Yerkir.am-ի, ըսած է ԱՄՆ ազգային հետախուզական ծառայութեան ղեկավար Տէնիէլ Քոութս՝ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի հետախուզութեան հարցերով յանձնաժողովին ներկայացնելով աշխարհի մէջ ռազմական հակամարտութիւններու սպառնալիքներու վտանգի գնահատման վերաբերեալ զեկոյց:
«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութիւնը կը շարունակէ ըլլալ լայնածաւալ ռազմական հակամարտութեան աղբիւր, ուր կրնայ ներքաշուիլ ՌԴ-ն»,- ըսած է ան:
