Եթէ Ուաշինկթընը Կ՝ուզէ Հարաւային Կովկասի Մէջ Ինքզինք Ներկայացնել Իբրեւ Խաղաղութեան Միջնորդ՝ Պէտք է Ապահովէ, որ Այս Խաղաղութեան Գործընթացը Ըլլայ Իրական՝ Հիմնուած Պատասխանատուութեան Վրայ. Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը Սպիտակ տան մէջ նախատեսուած՝ Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ կայանալիք գագաթնաժողովի բոլոր մասնակիցներուն կոչ կ՝ընէ ձգտելու սկզբունքային եւ տեւական խաղաղութեան՝ հիմնուած արդարութեան, պատասխանատուութեան, բռնի տեղահանուած հայութեան վերադարձի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի անվտանգութեան ու ինքնիշխանութեան պահպանման վրայ։ Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակը։

«Մեկնաբանելով սպասուող հանդիպումը՝ Հայ Դատի Ամերիկայի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան նկատած է. «Հայերը կ՝ուզեն իրական խաղաղութիւն։ Արցախը «մաքրելը» խաղաղութիւն չէ։ Ցեղական զտման օրինականացումը խաղաղութիւն չէ։ Քրիստոնէական սրբավայրերը մոռացութեան մատնելը խաղաղութիւն չէ։ Պատանդներուն մոռնալը խաղաղութիւն չէ։ ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածքի գրաւման հետ հաշտուիլը խաղաղութիւն չէ։ Ուժի սպառնալիքով պարտադրուած խաղաղութիւնը խաղաղութիւն չէ»։

Վստահելի աղբիւրներու համաձայն՝ Սպիտակ տան հովանիին ներքոյ, Օգոստոս 7-8 կայանալիք բանակցութիւններէն ետք հնարաւոր է հրապարակուի յայտարարութիւն կամ փոխըմբռնման յուշագիր՝ ազրպէյճանի նախագահ իլհամ ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մասնակցութեամբ։ Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ առ այն, որ հնարաւոր յայտարարութիւնները կամ համաձայնութիւնները չեն անդրադառնար հիմնական առաջնահերթութիւններուն, մասնաւորապէս, արցախահայութեան իրենց տուները վերադառնալու իրաւունքին, ազրպէյճանի կողմէ հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու ազատման, հայկական քրիստոնէական սրբավայրերու միջազգային պաշտպանութեան եւ ազրպէյճանի զինուած ուժերու դուրսբերման Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն։

Ըստ Արամ Համբարեանի`«Ցանկացած համաձայնութիւն, որ բնական կը համարուի եւ ապա կ՝օրինականացնէ 150,000 արցախահայերու բռնի տեղահանումը, յառաջընթաց չէ։ Ատիկա հեռացում է խաղաղութենէն, քայլ՝  ազրպէյճանական նոր յարձակման ուղղութեամբ։ Իրական խաղաղութիւնը անհրաժեշտ է կառուցել վերադարձի իրաւունքի իրացմամբ, պատանդներու ազատմամբ, քրիստոնէական սրբավայրերու պաշտպանութեամբ, Հայաստանէն օտար զօրքերու դուրսբերմամբ եւ պատերազմական յանցագործութիւններու համար պատասխանատուութեան սկզբունքով։ Եթէ Ուաշինկթընը կ՝ուզէ Հարաւային Կովկասի մէջ ինքզինք ներկայացնել իբրեւ խաղաղութեան միջնորդ՝ պէտք է ապահովէ, որ այս խաղաղութեան գործընթացը ըլլայ իրական՝ հիմնուած պատասխանատուութեան վրայ, այլ ոչ թէ Հայաստանին պարտադրուած սպառնալիքներու վրայ։ Ամերիկահայերը վճռականօրէն դէմ են ցանկացած համաձայնութեան, որ արդարութիւնը կը փոխարինէ յարմարուողականութեամբ կամ վտանգի տակ կը դնէ հայերուն կեանքը»։

Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը կրկին կը վերահաստատէ իր խիստ ընդդիմութիւնը ազրպէյճանի կողմէ առաջ քաշուող այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի գաղափարին՝ զայն համարելով ուղղակի սպառնալիք Հայաստանի ինքնիշխանութեան։ Օրեր առաջ ԱՄՆ քոնկրեսի յանձնաժողովներուն ուղարկուած յանձնախումբի գրութեան մէջ նշուած է՝ նման միջանցքը պիտի խաթարէ Հայաստանի անվտանգութիւնն ու անկախութիւնը»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։