
Եթէ ՀՀ-ի եւ ազրպէյճանի Միջեւ Բանակցութիւնները Յանգեցնեն Սահմաններու Փոփոխութեան, Իրանը Պիտի Վերանայի Երկու Հանրապետութիւններուն Ճանաչումը
«Եթէ ԱՄՆ-ի միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւնները յանգեցնեն ներկայ աշխարհագրական սահմաններու փոփոխութեան՝ Զանգեզուրի միջանցքի պատրուակով, Իրանը կրնայ եւ պէտք է վերանայի երկու հանրապետութիւններուն ճանաչումը։ Այս պայմանագիրը Իրանի համար աւելի վնասակար է, քան Թուրքմենչայը եւ Գոլեստանը»,- ըստ «Երկիր»-ի՝ նման գրառում ըրած է իրանցի լրագրող, դասախօս Մոհամմատ Ճաֆար Մոհամմատզատէն։