
Ձեր Լռութիւնը Մահուան Դատավճիռ է ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն Համար. Բողոքի Ցոյց Սթոքհոլմի Մէջ
Այսօր Սթոքհոլմի մէջ, ի պաշտպանութիւն հայ գերիներուն, բողոքի ցոյց իրականացուած է։
Ցոյցի մասնակիցները տարբեր գրութեամբ պաստառներով կոչ ըրած են երկրի իշխանութիւններուն չլռելու, խօսելու ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցողին մասին․
«Ձեր լռութիւնը մահուան դատավճիռ է ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներուն համար։ Ժողովրդավարական աշխարհի առաջնորդները կը շարունակեն համագործակցիլ այս ժամանակակից Հիթլերի՝ ալիեւի հետ՝ անտեսելով անոր յանցագործութիւնները՝ ի շահ քարիւղային գործարքներու եւ խաւիարային դիւանագիտութեան: ալիեւը իսկապէս ժամանակակից Հիթլեր է։ ալիեւը ցեղասպանութիւն կը գործէ, կը հասնի Ցեղասպանութեան։ Իսկ այսպէս կոչուած քաղաքակիրթ աշխարհը կը շարունակէ հանդուրժել զայն»,- նշած են ցոյցի մասնակիցները։