
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արձագանգը ազրպէյճանի Կողմէ Հռոմի Մէջ Կազմակերպուած Հակահայկական Ուղղուածութիւն Ունեցող Միջոցառման
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արձագանգը ազրպէյճանի կողմէ Հռոմի մէջ կազմակերպուած հակահայկական ուղղուածութիւն ունեցող միջոցառման։
Սոյն թուականի Ապրիլ 10-ին Հռոմի պապական Գրեգորեան համալսարանին մէջ- Սուրբ Աթոռի մէջ ազրպէյճանի դեսպանութեան եւ ազրպէյճանական որոշ կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է «Քրիստոնէութիւնը ազրպէյճանի մէջ. պատմութիւն եւ արդի ժամանակներ» վերտառութեամբ միջոցառում՝ տարբեր երկիրներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։
Միջոցառման ընթացքին ազրպէյճանական քարոզչամեքենային նախաձեռնութեամբ հերթական անգամ փորձուած է ժխտելու Հայաստանի եւ Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան հայկական պատկանելութիւնը, խեղաթիւրելու պատմական իրողութիւնները՝ զայն յետագային իւրացնելու չարամիտ նպատակով։
Այս ամէնը տեղի կ՝ունենայ, երբ տակաւին միջազգային հանրութեան կողմէ պատշաճ գնահատականներ չեն տրուած ազրպէյճանի իրականացուցած ցեղասպան գործողութիւններուն, Արցախէն բռնի տեղահանուած ողջ հայութեան հիմնարար իրաւունքներու ոտնահարման, պաքուի բանտերուն մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու նկատմամբ իրականացուող անօրինական ու նուաստացուցիչ գործողութիւններուն, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան իւրացման եւ հայկական հետքերու իսպառ ոչնչացման դէպքերուն։
Կը ցաւինք, որ կաթոլիկ բարձրագոյն կրթական հաստատութեան յարկէն ներս թոյլատրուած է կազմակերպել նման հակագիտական միջոցառում։
Այս առնչութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը միջեկեղեցական հաղորդակցութեան ընկալեալ շրջանակներուն մէջ պիտի նախաձեռնէ անհրաժեշտ քայլեր։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժին
Խմբագրական
Արցախի ժողովրդի իրաւունքների պաշտպանութեան համար Մարտի 29-ին կայացած հանրահաւաքից յետոյ համախմբում է ձեւաւորուել, ինչը սկսել է անհանգստացնել քաղաքական որոշ շրջանակների։