
Կը Սկսինք Լայն Համախմբման Գործընթաց, Համախմբուեցէ՛ք․ Արցախցիները Կը Շարունակեն Իրենց Պայքարը
Արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան խորհուրդը, հիմք ընդունելով Մարտ 29-ի մեծ հանրահաւաքին ժամանակ յայտարարուած մէկշաբաթեայ ժամկէտը եւ այս ընթացքին տեղի ունեցած զարգացումները, կը յայտարարէ՝
1. ՀՀ կառավարութիւնը պատշաճ կերպով չէ արձագանգած հանրահաւաքի պահանջներուն՝ մեր ներկայացուցիչներուն հետ ունենալով խիստ սահմանափակ քննարկում: Բացի այդ, կառավարութիւնը մեզի փոխանցած է գրաւոր պատասխան՝ պահանջագրի 5 կէտերուն վերաբերեալ որոշակի մեկնաբանութիւններ կատարելով, որոնք գլխաւորապէս չեն համապատասխաներ մեր պատկերացումներուն: Անոնց միակ գործնական առաջարկը եղած է փորձագիտական խումբերու ձեւաւորումը՝ որոշակի լուծումներ մշակելու նպատակով: Հետեւեալ յղումով կրնաք ծանօթանալ կառավարութեան գրաւոր պատասխանին:
2. Հաշուի առնելով լայն հանրութեան կողմէ տրուած վստահութիւնը եւ Արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան խորհուրդին հանդէպ ձեւաւորուած ակնկալիքները՝ մենք կը յայտարարենք պայքարի յաջորդ գործողութիւններուն մասին, որոնց ծիրէն ներս պիտի կատարենք հետեւեալ քայլերը՝
2.1. Մենք կը սկսինք լայն համախմբման գործընթաց՝ կոչ ընելով արցախեան, հայաստանեան ու սփիւռքեան բոլոր սրտացաւ հասարակական ու քաղաքական ուժերուն ու գործիչներուն համախմբուելու մեր ներկայացուցած օրակարգին շուրջ եւ աջակցելու այս համազգային պայքարին: Բոլոր ցանկացողները կրնան մօտենալ Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղակայուած շտաբ-վրան, ուր համատեղ պիտի քննարկենք մեր յետագայ գործողութիւնները:
2.2.Մինչեւ Ապրիլ 15 տեղի ունեցող հանրային լայն քննարկումներուն եւ համախմբման իբրեւ արդիւնք մենք պիտի յայտարարենք մեր յաջորդ մեծ հանրահաւաքի օրն ու վայրը, որուն պիտի յաջորդեն յստակ զանգուածային գործողութիւններ:
2.3.Այս ընթացքին մենք տարբեր վայրերու մէջ ու կառույցներու մօտ պիտի կազմակերպենք բողոքի ու իրազեկման տեղային հաւաքներ՝ ներկայացնելով մեր պահանջներն ու անոնց առնչուող այլ դրոյթներ:
3. Կը յորդորենք մեր բոլոր հայրենակիցներուն չվհատելու եւ պատրաստ ըլլալու հետեւողական ու վճռական պայքարի՝ յանուն բոլորիս իրաւունքներուն եւ արդար պահանջներուն: Մենք կը համարենք, որ ներկայացուած պահանջները ողջ հայ ժողովուրդի օրակարգային հարցերն են եւ կ՝ակնկալենք բոլորի սատարումը՝ անկախ բնակութեան ու ծագման վայրէն: