Զիւրիխի Հայ Ակադեմականներու Միութիւնը Կը Միանայ Զուիցերիոյ Հայկական եւ Հայամէտ Միութիւններու Խորհուրդի Յայտարարութեան՝ Փաշինեանէն Պահանջելով Ներողութիւն Խնդրել

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Զիւրիխի Հայ ակադեմիականներու միութիւնը (Armenian Academics Zurich)ը կը միանայ Զուիցերիոյ Հայկական եւ Հայամէտ Միութիւններու Խորհուրդի (CAAS)-ի դատապարտող յայտարարութեան եւ իր կողմէն կը պահանջէ ՀՀ վարչապետի պաշտօնը զբաղցնող Ն. Փաշինեանէն հանրայնօրէն ներողութիւն խնդրել իր հակազգային եւ մոլորեցնող արտայայտութիւններուն համար։ Հայոց Ցեղասպանութեան ցանկացած շահարկում եւ խեղաթիւրում պէտք չէ մնայ անհետեւանք։

«ԵՐԿԻՐ»-ը կը յիշեցնէ, որ Զուիցերիոյ Հայկական եւ Հայամէտ Միութիւններու Խորհուրդը (CAAS) յայտարարութեամբ իր խորը մտահոգութիւնը յայտնած էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` Զիւրիխի մէջ զուիցերահայ համայնքի տարբեր ոլորտներու մէջ ներգրաւուած անդամներու հետ վերջին հանդիպման ժամանակ ըրած յայտարարութիւններուն վերաբերեալ։

Այս յայտարարութիւնները, որոնք մենք կը համարենք վիճայարոյց, կը վարկաբեկեն Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակը եւ օրինաչափ հարցեր կ՝առաջացնեն մարդկութեան դէմ այս յանցագործութեան ամբողջական ըմբռնման եւ անոր միջազգային ճանաչման Հայաստանի կառավարութեան յանձնառութեան վերաբերեալ:

Յայտարարութեան ամբողջական տարբերակը այստեղ։