Պիտի Դադրեցնենք Բոլոր Պատերազմները, Ես Պիտի Ըլլամ Այն Մարդը, Որ Խաղաղութիւն Կը Հաստատէ․ Թրամփ

Աշխարհ

ԱՄՆ 47-րդ նախագահ Տանըլտ Թրամփը երդմնակալութեան իր ելոթին ժամանակ յայտարարած է, որ իր վարչակազմին հետ պիտի դադրեցնէ բոլոր պատերազմները, նոյնիսկ անոնք, որոնք չեն սկսած։

«Ես պիտի ըլլամ այն մարդը, որ խաղաղութիւն կը հաստատէ»,- ըսած է ան:

Թրամփ խոստացած է, որ ԱՄՆ Զինուած ուժերը պիտի կեդրոնանան միակ առաքելութեան վրայ՝ յաղթելու ամերիկայի թշնամիներուն:

Ան նաեւ կը խոստանայ կառուցել ամենաուժեղ բանակը, որ երբեւէ պիտի տեսնէ աշխարհը:

Ի դէպ, ԱՄՆ 47-րդ նախագահը ընդգծած է, որ ԱՄՆ-ի ռազմական յաջողութիւնը այսուհետեւ պիտի չափուի ոչ միայն մարտերու մէջ տարած յաղթանակներով, այլեւ՝ պատերազմներով, որոնք պիտի կանխուին։

Թրամփը նաեւ արտակարգ դրութեան վարչաձեւ յայտարարած է Մեքսիքոյի հետ սահմանին վրայ․

«Մենք միլիոնաւոր յանցագործները պիտի վերադարձնենք այնտեղ, ուրկէ եկած են»,- ըսած է ան։

Յիշեցնենք, որ Տանըլտ Թրամփ Յունուար 20-ին պաշտօնապէս ստանձնեց ԱՄՆ 47-րդ նախագահի պարտականութիւնները։

Ամբողջական հոդվածը կարող եք կարդալ այս հասցեով՝ https://yerkir.am/hy/article/2025/01/20/285893