
Մենք Կը Պահանջենք, որ ազրպէյճանի Նախագահը Այս Յանցագործութիւններուն Համար Պատասխան Տայ Միջազգային Քրէական Դատարանին. Մուրատ Փափազեան
Ես այստեղ կը տեղադրեմ The Tribune-ը, որ ստորագրած եմ Արա Թորանեանի հետ LE FIGARO-ի մէջ: Մենք հարցը պիտի հասցնենք Միջազգային քրէական դատարան։ «ազրպէյճանի նախագահ ԱԼԻԵՒԸ պէտք է պատասխան տայ իր յանցագործութիւններուն համար ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ առջեւ!»․ Մուրատ Փափազեան։
Մինչ պաքուն կը սկսի «դատավարութիւնները» Լեռնային Ղարաբաղի առաջնորդներուն դէմ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Մուրատ Փափազեան եւ Արա Թորանեան կոչ կ՝ընեն Միջազգային քրէական դատարան ներկայացնելու նախագահ ալիեւը։
Շարունակելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հայերուն դէմ ուղղուած ցեղասպանական գործելակերպը եւ նպատակները, ազրպէյճանի իշխանութիւնները Յունուար 17-ին պաքուի մէջ յայտարարեցին Արցախի քաղաքական եւ ռազմական ղեկավարներուն դէմ «դատավարութիւններ»ու մեկնարկին մասին։ Հաշուի առնելով իլհամ ալիեւի վարչակարգի մենատիրական եւ ռասիստական բնոյթը, որ, մասնաւորապէս, փաստագրուած է Ռասիզմի եւ անհանդուրժողականութեան դէմ եւրոպական յանձնաժողովի (ECRI) եւ ՄԱԿ-ի Ռասայական խտրականութեան վերացման կոմիտէի (CERD) զեկոյցներուն մէջ, այս դատավճիռները, «Փորձութիւնները», ցաւօք, կասկածէ վեր են:
ազրպէյճանական արդարադատութեան համակարգը, որ արդէն որակուած է որպէս «խտրական եւ կամայական» Quai d’Orsay-ի կողմէ անցեալ տարուան Սեպտեմբերին Ֆրանսայի քաղաքացի Թէօ Քլըրքի անարդարացի դատապարտման ժամանակ, չի կրնար արդարութեան երաշխիք տալ քաղաքական եւ ռազմագերիներու նկատմամբ: Վերջիններս, պատանդներու պէս վերաբերուելով, կ՝ենթարկուին նուաստացուցիչ եւ անմարդկային վերաբերմունքի՝ քարոզչական նպատակներով կազմակերպուած արդարադատութեան ծաղրերգութեամբ։
Համաձայն Ազգային ժողովի եւ Ծերակոյտի գերակշռող մեծամասնութեամբ ընդունուած բանաձեւերուն՝ 2023 թուականի Սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն նկատմամբ ալիեւի վարչաձեւին կողմէ իրականացուած ցեղական զտումներէն ետք կառավարութիւնը պէտք է առաւել քան երբեւէ դատապարտէ «կամայական ձերբակալութիւնը։ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քաղաքական առաջնորդները, այս տարածքի ժողովուրդի օրինական ներկայացուցիչներն են եւ կը պահանջենք անոնց անյապաղ ազատ արձակել «պատժամիջոցներու ներքոյ», ինչպէս պահանջած են մեր ընտրեալները։ Հաշուի առնելով. Ռազմական յարձակումները եւ յանցագործութիւնները, որոնք իրականացուած են ալիեւի վարչաձեւին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան նկատմամբ. 2022 թուականի Դեկտեմբերէն պարտադրուած իննամսեայ շրջափակման ցեղասպան բնոյթը, Միջազգային քրէական դատարանի (ՄՔԴ) առաջին դատախազ Լուիս Մորենօ Օգամպոյի խօսքերով. 2023 թուականի Սեպտեմբերին մեկնարկած ցեղական զտումներու գործողութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք տեղի ունեցած է 120,000 հայ փախստականներու արտագաղթ. ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի 200 քմ² գրաւումը. ազրպէյճանի, Նախիջեւանի եւ թուրքիոյ միջեւ տարածքային հանգոյց ստեղծելու նպատակով «միջանցք» ստեղծելու նպատակով Հայաստանի սահմանները խախտելու իլհամ ալիեւի յաւակնութիւնները. ալիեւի կողմէ Հայաստանի եւ հայերու դէմ ռասայական ատելութեան եւ սպառնալիքներու կրկնակի հրահրումը՝ մենք կը պահանջենք, որ ազրպէյճանի նախագահը այս յանցագործութիւններուն համար պատասխան տայ Միջազգային քրէական դատարանի մէջ։
Կոչ կ՝ընենք կառավարութեան ահազանգելու այս մարմնին, որպէսզի ան անմիջապես զբաղի այս գործով։ Քանի որ կը մօտենանք Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին, որ թուրքիան եւ ազրպէյճանը կը ձգտին աւարտին հասցնել, մենք կոչ կ՝ընենք միջազգային հանրութեան զօրաշարժի ենթարկուելու, որպէսզի աշխարհի այս տարածաշրջանին մէջ, որուն պետութիւնները Եւրոպայի խորհուրդի անդամ են, նոյն պատճառներով չվերարտադրեն նոյն հետեւանքները:
Հանդիպելով յանցակից լռութեան այս հարցով, որ էական նշանակութիւն ունի մարդու իրաւունքներու, տարածաշրջանային հաւասարակշռութեան եւ խաղաղութեան համար, ներառեալ Եւրոպայի մէջ, մենք կոչ կ՝ընենք արդարութեան եւ օրէնքի ուժի հաստատման: Շատոնց ժամանակն է, որ ալիեւը պատասխան տայ իր յանցագործութիւններուն համար Միջազգային քրէական դատարանի առջեւ, եւ որ մէկընդմիշտ դադրին սպառնալիքներն ու հալածանքները հայ ժողովուրդի նկատմամբ։
Թարգմանութիւնը կատարեց՝ «ԱՊԱՌԱԺ»-ը
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ «ԵՌԱԳՈՅՆ»-ը