Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներուն Գործով Կեղծ, Շինծու «Դատավարութիւն»ը Պիտի Շարունակուի Յունուար 21-ին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

պաքուի զինուորական դատարանին մէջ սկսած է ապօրինաբար պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն գործով կեղծ, շինծու «դատավարութիւն»ը։

Դատական ​​կեղծիքը պիտի շարունակուի Յունուար 21-ին:

ազրպէյճանի բանտին մէջ այս պահուն կը գտնուին Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանն ու Արայիկ Յարութիւնեանը, Արցախի ԱԺ նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը, նախկին ԱԳ նախարար Դաւիթ Բաբայեանը, ՊԲ նախկին հրամանատար, զօրավար-հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը, ՊԲ շտաբի նախկին պետ, զօրավար-մայոր Դաւիթ Մանուկեանն ու նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանը։