Տեղեկանք Քեսապի Մասին

Սփիւռք

«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»

Քեսապի ապահովական կացութիւնը հանդարտ է, բայց զգալի է որոշակի անորոշութեան մթնոլորտ։ Գիւղական գործի եղանակ չըլլալով եւ ձմեռ ըլլալով՝ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը օրուան մեծ մասը կ’անցընէ տունէն ներս։ Դպրոցները կը մնան փակ։ Դէպի Լաթաքիա եւ հակառակ ուղղութեամբ երթեւեկութիւնը թոյլ է։

Գրեթէ բոլոր ընտանիքները ապրուստի հոգ ունին այս կամ այն չափով։ Այս տարուան պտղաբերքը գոհացուցիչ չէր, որով շատ ընտանիքներ արդէն քիչ եկամուտ ունեցած էին։ Մագլցողական սղաճը վիճակը աւելիով վատթարացուցած էր, իսկ վերջին իրադարձութիւններու բերումով մարդիկ սկսած են ալ աւելի խնայողութիւն ընել՝ գալիք օրերու հաշիւը ընելով։ Մարդիկ գրեթէ առանց բացառութեամբ ձմեռնային որոշ պաշար ունին՝ իրենց սեփական պարտէզներու բերքէն պատրաստուած։

Խանութներու մէջ ապրանք կայ, սակայն ոչ նախկին առատութեամբ։

Երկու անգամ ժողովուրդին հաց բաշխուեցաւ երկրի ներկայ կառավարիչներուն
կողմէ։

Միութենական կեանքը սառած վիճակ կը պարզէ։

Կան Հալէպէն Քեսապ կայք հաստատած ընտանիքներ։ Ս. Աստուածածնայ Թաղական խորհուրդի քով արձանագրուած են ինը ընտանիք։

Չարձանագրուողներ ալ կան։ Բոլորն ալ հոս ունին սեփական տուն, կամ իջեւանած են հարազատներու մօտ,եւ որոնք մտադիր են առաջին առիթով վերադառնալ Հալէպ։

10 Դեկտեմբեր 2024