Անգարայի Նշմարած «Յոյսի Շողը»․ «Ազդակ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը հաստատած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու յոյսի շող կայ: Ակնարկը ուղղակի Հայաստան-Ազրպէյճան բանակցութիւններուն կը վերաբերի: Յայտարարութեան պահը այնպիսին է, որ Սուրիոյ իշխանափոխութիւնը կատարելէ ետք Անգարան այս անգամ կը դառնայ Հարաւային Կովկաս եւ կը խօսի Հայաստան-Ազրպէյճան հաւանական համաձայնութեան մասին:

Բանակցութիւններու արդիւնաւորումը, ըստ Պաքուի, արգելակիչ երկու կէտ ունի Երեւանի կողմէ: Առաջինը` Սահմանադրութիւնը, երկրորդը` Երեւանի ներկայացուցիչներուն տարբեր մօտեցումները:

Սահմանադրութեան արգելքը` իրենց կողմէ դրուած, պարզ է: Տարածքային յաւակնութիւններ Ազրպէյճանէն: Անյստակ է երկրորդ արգելքը, որովհետեւ չեն բացուիր փակագիծերը: Պարզապէս կը խօսուի տարբեր մօտեցումներու եւ դիրքորոշումներու մասին:

Առաջին արգելքին պատասխանած է Երեւանը` ըսելով, որ Սահմանադրութեամբ Երեւանը որեւէ տարածքային պահանջ չունի Ազրպէյճանէն. աւելի՛ն` խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծին մէջ կայ կէտ 4, որ կողմերը որեւէ տարածքային պահանջ չունին եւ չեն կրնար ունենալ ապագային եւս:

Խնդիրը փակագիծերուն մասին է ուրեմն: Տրուած ըլլալով, որ պարզ չեն, թէ ի՛նչ են Երեւանէն արձակուած տարբեր մօտեցումները, այդ առարկութեան պատասխան չկայ տակաւին: Կ՛ենթադրուի, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի առաջադրած «զանգեզուրեան միջանցք»-ին մասին է խօսքը: Տարբեր պատկերացումներու մասին նիւթեր շրջանառուեցան այս հարցով: Նոյնիսկ վերահսկողութիւնը մասնաւոր ապահովական ընկերութեան յանձնելու գաղափարը հրապարակուեցաւ: Ճանապարհի կամ անցքի վերահսկողական կարգավիճակի անորոշութեան եւ այդ մասին հնչած տեսակէտներուն մասին կրնայ ըլլալ Պաքուի առարկութիւնը:

Նոյեմբերեան յայտարարութեան 9-րդ կէտը ըստ էութեան կը խօսի հայկական եւ ռուսական ուժերու համատեղ վերահսկողութեան մասին: Այս կէտին համաձայն էր Ազրպէյճան:

Միջինարեւելեան իրադարձութիւններէն ետք Պաքուի դիրքորոշումը ռուսական վերահսկողութեան առումով արդեօք կը մնա՞յ նոյնը: Անկախ այն իրողութենէն, որ ըստ էութեան նոյեմբերեան համաձայնութիւնը չեղեալ նկատուած է:

Եթէ Ռուսիոյ նկատմամբ աշխարհաքաղաքականութիւնը կ՛ուղղուի դէպի յաւելեալ պատժամիջոցներով ճնշումներ գործադրելու, ապա Իրանի պարագային հարուածել-բանակցիլ կամ տկարացնել-բանակցիլ շղթան է, որ օղակ առ օղակ կ՛երեւայ:

Իրանի փրոքսիներէն կամ արտատարածքային յենակէտերէն ետք, Իրանի սահմանները կրնան յայտնուիլ աշխարհաքաղական կեդրոններու թիրախին: Իսրայէլի ներգրաւումը արցախեան պատերազմին ամէնէն առաջ Իրանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ներկայութիւն ըլլալու նպատակը կը հետապնդէր: Իրանեան փրոքսիներու թուլացման մէջ գլխաւոր դերակատարն ու շահառուն Իսրայէլն է բացայայտօրէն:

Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ շահերու միջինարեւելեան յստակ համատեղումը չի բացառուիր, որ աշխարհագրութիւն փոխէ եւ մօտենայ Իրանի սահմաններուն:

Իրանի սահմանին առաջին զգայուն կէտը Սիւնիքն է, որուն ուղղութեամբ Անգարան Պաքուի հետ առաջնային օրակարգ ունի: Սիւնիքի մէջ այլ ուժերու յայտնուիլը Իրանի ազդեցութեան ջլատման քայլ է: Առաջադրուածը այս պարագային ռուսական գործօնի դուրս մղումն է` արգիլելով նախ այդ կարեւոր կենսաճանապարհի վրայ որեւէ վերահսկողութիւն ունենալ: Սկսած է հեռուէն երեւալ նաեւ 109-րդ ռազմակայանի  անհրաժեշտութեան խնդիրի արծարծումը: Մանաւանդ խաղաղութեան պայմանագիրի եւ Հայաստան-Թուրքիա սահմանակէտերու բացումէն ետք: Սահմանի բացումը պայմանաւորուած է միջանցքի բացումով: Երկուքը տարածաշրջանային տրամաբանութեամբ կ՛ընկալուին մէկ կողմէ ռուսական գործօնի դուրս մղումով եւ միւս կողմէ իրանեան սահմանամերձ շրջաններու մէջ տեղակայումներով:

Երկու գործօնները Միջին Արեւելքի մէջ ծանր հարուած ստացան հեռացումի կամ ջլատումի տեսքերով: Պատահական չէ, որ միջինարեւելեան գործողութիւններէն անմիջապէս ետք Անգարան կը խօսի Հարաւային Կովկասի մէջ յոյսի շողի մասին:

Իրանի հոգեւոր առաջնորդը յայտարարեց, որ ոչ մէկ կասկած կայ, որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցածը Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի համատեղ ծրագիրն էր:

Իրանի պաշտօնական այս դիրքորոշումին մէջ ծրագիրին մասնակից հիմնական դերակատարին բաժինը կը պակսի: Զանգեզուրեան միջանցքը փայփայող եւ հետեւաբար Իրանի սահմանները վերահսկելու ծրագիրին բուն պատասխանատուն եւս Անգարան է, որուն մասին նշում չ՛ըներ Իրանը:

Նման ծրագիրի ծալքերու բացումով կարելի է մեկնաբանել Անգարայի նշմարած «յոյսի շող»-ը Հարաւային Կովկասի մէջ: