«Վերելք»․ Արցախցի Երիտասարդները Խթանողն ու Աջակիցը

Հայաստան

2021 թ. ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին կողմէ յետպատերազմեան Արցախի մէջ մեկնարկեց «Վերելք» ծրագիրը, որուն նպատակն էր նեցուկ կանգնիլ արցախցի երիտասարդներուն, որպէսզի անոնք շարունակեն ապրիլ եւ իրենց ապագան կառուցել Արցախի մէջ:

2023 թ.-ի բռնի տեղահանութիւնը արցախցի երիտասարդութիւնը կանգնեցուց նոր մարտահրաւէրներու առջեւ։ Այդ նպատակով՝ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը որոշեց կեանքի կոչել «Վերելք»-ի 3-րդ ծրագիրը, որ օգնեց արցախցի երիտասարդներուն Հայաստանի աշխատաշուկայ մտնել եւ իրենց առեւտրական-գաղափարները զարգացնել, ինչու չէ նաեւ՝ կիրառել եւ իրենց կեանքը շարունակել մայր Հայաստանի մէջ՝ փայփայելով Արցախ վերադարձի յոյսը:https://www.youtube.com/watch?v=JZcW4NXhoy0