Այնճարի Հիմնադրութեան 85-Ամեակի Տօնակատարութեան Շեշտուեցաւ Այնճարի Կանգուն Պահելու Հրամայականը
«ԱԶԴԱԿ»
Մուսա Լերան հերոսամարտի 109-ամեակին եւ Մուսա Լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 85-ամեակին առիթով կազմակերպուած եւ քանի մը օրուան վրայ երկարած ոգեկոչման ձեռնարկներուն հիմնականը հանդիսացաւ ժողովրդային տօնախմբութիւնը, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 14 սեպտեմբեր 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, Այնճարի մէջ: ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի Մուսա Լերան յուշարձան-համալիրի կից, ուր կայացաւ ձեռնարկը:
Ձեռնարկը սկիզբ առաւ ժամը 8:30-ին` Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով:
Բացման խօսքը արտասանեց եւ հանդիսութիւնը վարեց Ծովակ Թազեան- Թիւթէլեան, որ նախքան մեկնարկը` ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեանի: Ան ըսաւ, որ առիթը ոչ միայն Այնճարի հիմնադրութեան 85-ամեակն է, այլ նաեւ` յիշատակումը 109 տարի առաջ մեր պատմութեան կարեւորագոյն էջերէն մէկուն, ուր դրսեւորուեցաւ Մուսա Լերան հերոսներու քաջութիւնը: «Այնճարը` մեր սիրելի գիւղը, վերապրումի եւ հպարտութեան նշան է, իսկ Մուսա Լերան հերոսներու պատմութիւնը` յոյսի եւ դիմադրութեան խորհրդանիշ», նշեց ան` աւելցնելով, որ Այնճարը գոյատեւման խորհրդանիշ եւ վկայութիւն է հայ ժողովուրդի ուժին, որ իբրեւ հիմք ունենալով Մուսա Լերան ոգին` պայքարեցաւ նոյնիսկ անյաղթելի թուացող մարտերուն եւ իր հերոսութեամբ յոյսի ջահ մը փոխանցեց նոր սերունդներուն:
Անդրադառնալով Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական-ընկերային տագնապներուն եւ ապագայի անորոշութեան` Ծովակ Թազեան- Թիւթէլեան ըսաւ, որ Այնճարը անմասն չի մնար այս բոլորէն, սակայն աւելցուց, որ այս դժուար պահերուն պէտք է յիշենք մեր նախնիներուն ժառանգութիւնը` ուժի, տոկունութեան եւ գոյատեւման. նոյն օրինակին հետեւելով` մենք ալ, մեր կարգին, այսօր պէտք է կանգնինք միասին: Եզրակացնելով` ան ըսաւ. «Մեր ուժը մեր միասնութեան մէջ է, նաեւ` մեր յարատեւ հաւատքին` իրարու աջակցելու եւ զիրար զօրացնելու ամէնէն մութ ժամանակներուն: Մենք պէտք է շարունակենք մեր նախնիներուն ճանապարհը` սիրով, հաւատքով եւ միասնականութեամբ:
Ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած տեսերիզ մը, որ ներկայացուց Այնճարը իր 85-ամեայ երթով եւ Մուսա Լերան ոգիով յաղթահարելու նոր մարտահրաւէրները:
Անմիջապէս ետք տեսերիզի միջոցով սրտի խօսք արտասանեց Մուսա Լերան գիւղերու այժմու գիւղապետ Պերճ Գարթունեան, որ բոլոր վաքըֆցիներուն անունով շնորհաւորեց Այնճարի հիմնադրութեան 85-րդ ամեակը եւ Մուսա Լերան յաղթանակի տօնը:
Օրուան հիւրն էր արցախցի տաղանդաւոր երգիչ, երգահան Արթուր Խաչենց: Օրուան հաղորդավարը հակիրճ կերպով ներկայացուց Խաչենցի հարուստ կենսագրականը: Ան երաժշտական ուսման, արժանիքներուն եւ մրցանակներու կողքին, Արցախի մէջ մասնակցած է 2014-ի օգոստոսեան, 2016-ի ապրիլեան պատերազմներուն եւ 2020-ին ծննդավայր Հադրութի մէջ մասնակցած` ինքնապաշտպանութեան մարտերուն: Ան քանի մը փուլերով բեմ հրաւիրուեցաւ եւ երգեց հետեւեալ երգերը` «Գանձասար», «Իմ մահով ոչինչ չի փոխուի», «Ղարաբաղ», «Եկ քինինք Արցախ», «Արցունքից քերթուած», «Կյասս Քիսս», «Արցախի հորովել», «Գինի լից», որոնք արժանացան ներկաներու ծափողջոյններուն:
Այնուհետեւ հրապարակախօս եւ ազգային գործիչ տոքթ. Յակոբ Այնթապլեան իր սրտի խօսքին մէջ անդրադարձաւ այն իրողութեան, թէ մուսալեռցիները ինչպէ՛ս Այնճարի հողատարածքը դժուարութեամբ կառուցեցին եւ վերածեցին հայրենի բոյնի` հիմնելով հայ եկեղեցի, դպրոց եւ հայութեան կորիզ մը: Անոնք կորսնցնելով իրենց պատմական հողերը` կարողացան համախմբուիլ շրջանին մէջ, ապրիլ, բազմանալ` միշտ պահելով իրենց լեզուն, կրօնն ու մշակոյթը, բայց միշտ ալ նպատակ ունենալով իրենց հողերուն վերադարձը: Տոքթ. Այնթապլեան աւարտեց իր խօսքը` հաստատելով, որ Այնճարը միջազգայնօրէն զմայլանք է, անոր բարեկարգման օրինակը պէտք է տանիլ Հայաստան:
Դասական երգերով հանդէս եկաւ միջազգային եւ հանրապետական մրցոյթներու դափնեկիր, սոփրանօ Տիանա Յարութիւնեան, որ մեկնաբանեց տոքթ. Յակոբ Այնթապլեանի կողմէ գրուած «Երազ թաքուն, անխօս» եւ «Մայրս» երգերը:
Օրուան պատգամը յղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ գործարար Կայծակ Զէյթլեան` դիտել տալով, որ տարիէ մը ի վեր ամէն սեպտեմբերին մուսալեռցիները ոչ միայն Այնճարի, այլ տարբեր երկիրներու մէջ կը յիշատակեն Մուսա Լերան հերոսամարտի տօնը: Ան հերոսամարտի ժամանակ արձանագրուած դրուագներու մէջբերումով ներկայացուց անվախ մուսալեռցիի կերպարը, ապա անդրադառնալով այսօրուան ծաղկուն Այնճարին, որ 85 տարեկան է, նկատել տուաւ, թէ երբ ժողովուրդը հաստատուեցաւ այս գիւղին մէջ, մալարիայի պատճառով տուաւ աւելի քան հազար զոհ, սակայն մուսալեռցին իր տոկունութեամբ շրջանցեց այս դժուարութիւնը:
Ապա Զէյթլեան խօսեցաւ հայրենիքի մէջ ունեցած իր գործարարական փորձառութեան մասին ու հարց տուաւ, թէ հայրենի գիւղերը ինչո՞ւ չեն ունեցած մեր գիւղի զարգացման ընթացքը, որ օրինակելի կազմակերպուածութեամբ յատկանշուած է, հաստատելով, որ այս յաջողութեան մէջ դերակատար եղած է ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն: Ան ըսաւ, որ հայրենի իշխանութիւնը` որպէս կենդանի օրինակ, դասեր պէտք է քաղէ Այնճարի պատմութենէն: «Այնճարը կեդրոնն է մուսալեռցիներուն, եւ հոս մարդիկ կ՛ապրին հայրենիքով ու հայրենիքի համար»:
Կայծակ Զէյթլեան յայտնեց նաեւ, թէ ինչպէս անցեալին ներգաղթի ժամանակ, ներկայիս ալ հայրենիքի մէջ ապրելու եւ արարելու դժուարութիւնները առկայ են` դիտել տալով, որ Հայաստանի իշխանութիւններու սերնդափոխութեամբ միայն կը չքանան այդ խոչընդոտները: Ան հաստատեց, որ մինչ այդ պարտաւոր ենք սփիւռքը պահել աշխուժ` յանուն Հայաստանի ներկային եւ ապագային, շնորհաւորեց Այնճարի 85-ամեակը` յուսալով, որ մուսալեռցիներու կեդրոնը ամուր մնայ, մինչեւ որ յիշատակելի տօները նշենք հայրենիքի մէջ:
Կոմիտէին խօսքը արտասանեց Եսայի Հաւաթեան, որ 60 տարիներու տարբերութեամբ երկու գրողներու` մուսալեռցի արձակագիր- բանաստեղծ Եդուարդ Պոյաճեանի եւ հայրենի անուանի գրող-բանաստեղծ Հենրիկ Էթոյեանի կողմէ Այնճարի մասին հակասական վկայութիւններ ներկայացուց: Առաջինը Այնճարը կը բնութագրէր որպէս գէշ տեղ մը, որ հիմնուեցաւ գէշ թուականի մը, եւ մարդիկ հոն ունեցան գէշ բախտ, իսկ երկրորդը Այնճարը կը ներկայացնէր իբրեւ ամէնէն մեծ Հայաստանը ամբողջ աշխարհի փոքր հայաստաններուն մէջ: Ան հարց տուաւ, թէ առաջին տարիներու մահաբոյր գաղթակայանը ինչպէ՞ս վերածուեցաւ կանաչապատ եւ հայաբոյր ովասիսի եւ հաստատեց, որ հոս է Մուսա Լերան ժողովուրդին իւրայատկութիւնը, որովհետեւ ան յուսահատիլ չի գիտեր, պատրաստ է բոլոր դժուարութեանց դէմ պայքարելու` ցոյց տալու, թէ ինք նահանջող եւ պարտուող չէ: Ան աւելցուց, որ Այնճարի մէջ մուսալեռցին, հակառակ բազմապիսի դժուարութիւններու, պարզեց իր յաղթանակի դրօշը: Ապա հաստատեց, որ Այնճարի մէջ կայ հայու շինարար ոգի, հայու յառաջատար ըլլալու բնազդ, զարգանալու ընդունակ ժառանգութիւն եւ կայ Դաշնակցութիւն:
Եսայի Հաւաթեան նաեւ անդրադարձաւ Այնճարի զարգացմանը` տարբեր մարզերու մէջ եւ ըսաւ, որ այդ բոլորէն ետք, այսօր` 85 տարիներ ետք, տէր ենք հանգստաւէտ, հայաշունչ եւ բոլոր յարմարութիւններով օժտուած քաղաքի: «Հիմա սակայն հասած է ամենաճակատագրական շրջանը, որ տիրութիւն ընելն է մեր քաղաքին` անաղարտ պահելով անոր հայկական դիմագիծը», շեշտեց ան:
Ան իր խօսքը եզրակացուց` ըսելով, որ Այնճարի գոյութիւնը ապրեցուց Մուսա Լերան պատմութիւնը, սովորութիւնները, աւանդութիւնները եւ բարբառը: Այնճարը բերդ է, եւ բոլորիս ջանքերով այս բերդը կանգուն պիտի մնայ: Յարատեւ աշխատանքով, յամառօրէն, հաւատքով եւ բոլոր ուժերու համախմբումով մուսալեռցիները կրնան միշտ նոր հերոսամարտեր մղել եւ յաղթել:
Փակման խօսքը արտասանեց Պեքաայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, որ ըսաւ, թէ այսօր հաւաքուած ենք տօնախմբելու եւ յիշատակելու Այնճարի հիմնադրութեան 85-ամեակը, եւ այս երեւոյթը ինքնին յաղթանակ է եւ հպարտութեան առիթ: Ան յայտնեց. «Այո՛, այս քաղաքի հողին, եկեղեցւոյ, երեք համայնքներուն, միութիւններուն, կոմիտէութեան եւ կազմակերպութիւններուն միասնական աշխատանքը ամէնէն խօսուն փաստն է, որ մենք իսկապէս կոչուած ենք փոքրիկ Հայաստան անունով»: Հայր սուրբը ըսաւ, որ հայրենիքի խնդիրները կ՛ապրինք սիրով, անկեղծութեամբ, կապուածութեամբ եւ նուիրումով, սփիւռքի Հայաստանի` Այնճարի մէջ:
Ան կոչ ուղղեց բոլորին` ըսելով, որ Այնճարը մեզմէ իւրաքանչիւրին աջակցութեան եւ համերաշխութեան պէտք ունի: Այնճարը իւրաքանչիւր հայու իրաւունքն է, եւ իւրաքանչիւրիս ճիտին պարտք դրուած է զայն պահելու, պաշտպանելու, պայծառացնելու եւ լուսաւորելու սրբութիւնը: Ապա շնորհաւորեց իւրաքանչիւրին համար դրախտավայր դարձած այս քաղաքի ներկայութիւնը եւ ըսաւ, որ մեր նահատակները այսօր հպարտ են մեզմով եւ աւելի ամուր` Այնճարի այս զարգացման գեղեցկութեան եւ կազմակերպչական աշխատանքներուն եւ միասնական կեանքին ի տես: Ան շնորհաւորեց Այնճարի 85-ամեակը` մաղթելով, որ տօնենք 100-ամեակներ եւ 1000-ամեակներ:
Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ Մուսա Լերան տհոլ զուռնայի շուրջպարով: