Սփիւռքի Մշակոյթի Մեր Նախարարութիւնը Իր Սեփական Կեդրոնը Պիտի Ունենայ․ Սարգիս Մահսէրէճեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Համազգայինի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը քանի մը օր առաջ մամուլի էջերէն հրապարակ եկաւ աւետիսով մը, թէ՝ նախաձեռնած է սեփական կեդրոնի մը գնման: Հաղորդագրութիւնը կ’ըսէր, որ սա տարիներու երազի մը իրականացման ճամբուն շօշափելի քայլ մըն է եւ վստահութիւն կը յայտնէր, որ ծրագիրը պիտի իրականայ գաղութի զօրակցութեամբ, ըսել կ’ուզէ՝ նիւթական աջակցութեամբ:

Նոր կեդրոնի «մարմին»ին մասին տեղեկութիւնները «ժլատ» էին. կար շէնքին բարձրէն առնուած լուսանկարը եւ հասցէն: Վերջինէն մեկնելով, համացանցի ճամբով մեր որոնումը ի յայտ բերաւ, որ շէնքը ցարդ կը գործածուէր իբրեւ եկեղեցի, ուրեմն կարելի է հետեւցնել, որ բաւական տարածուն է, որոշ վերափոխութեան ենթարկուելով, կրնայ ծառայել իբրեւ ժողովատեղի, հանդիսութեանց ու ձեռնարկներու եւ մշակութային այլ աշխատանքներու (երգ, երաժշտութիւն, գրական հանդիպումներ եւ այլն) ժամադրավայր, ինչպէս նաեւ ունենալ գրադարան եւ վարչական աշխատանքներու գրասենեակ(ներ):

Չենք կասկածիր, որ մշակութասէր հայը գոհունակութեամբ եւ յոյսերով իմացաւ այս տեղեկութիւնը: Չ’արժեր երկար խօսիլ այն տարիներուն մասին, երբ Շրջանային վարչութիւնը ունէր «թափառական» վիճակ, կը գործէր վարձու կեդրոնի մէջ կամ այլուր, թէեւ այդ դրութիւնը որեւէ ձեւով խափանող գործօն չէ եղած իր բեղուն գործունէութեան: Այսուամենայնիւ, սեփական կեդրոն մը ունենալու քայլը անպայման որ յաւելեալ ինքնավստահութիւն, կեդրոնացում եւ գործի ընդարձակման առիթ պիտի տայ իրերայաջորդ վարչութիւններու, որոնք տասնամեակներ շարունակ ազնիւ դրօշարշաւ մը տարած են մեր ափերուն:

Ի՞նչ ի մտի ունինք «կեդրոնացում» ըսելով: Շատ բան, սակայն խօսինք գոնէ մէկ-երկու օրինակով: Ծանօթ է, որ Համազգայինը ունի թատերական, երգչախմբային եւ այլ ԽՄԲԱՅԻՆ աշխատանքներ, որոնք կարիքը ունին որոշ տարածութիւն եւ յարմարութիւն ունեցող վայրի: Այս իմաստով, նման աշխատանքներու «թափառական» դրութիւնը վերջ պիտի գտնէ եւ աշխատանքները պիտի դառնան աւելի հեզասահ: Սեփական կեդրոն մը կ’ընծայէ նաեւ բազմաթիւ այլ առաւելութիւններ: Նախընթացները ծանօթ են տարբեր օճախներու մէջ. յիշենք միայն Պուրճ Համուտի (Լիբանան) կեդրոնը՝ որ բազմայարկ եւ մեղուաջան գործի կեդրոն է մօտաւորապէս 35 տարիներէ ի վեր:

Քիչ առաջ ակնարկեցինք դրօշարշաւի մը՝ որ այս ափերուն սկսած է տասնամեակներ առաջ: Քիչ մը մանրամասնենք եւ սկսինք կարեւոր հաստատումով մը:

Համազգայինը հիմա արդէն 96 տարեկան է, ծնունդ առած՝ 1928ին, անյետաձգելի կարիքէ մը եւ սքանչելի տեսլականով մը. քանի մը տարի առաջ անկախ պետականութիւն կորսնցուցած սերունդի ներկայացուցիչները, որոնք նաեւ մասնակից եղած էին Հայաստանի Հանրապետութեան արարման ու կարճատեւ կեանքին, շատ լաւ գիտէին, թէ հայրենի հողին կենարար աւիշէն զրկուած հայուն համար, ՄՇԱԿՈՅԹԸ (անմիջապէս ըսենք, որ մեր Եկեղեցին գլխաւոր բերդն է ու մեծ մասնիկը մեր Մշակոյթին, գլխագի՛ր մշակոյթին) պիտի ըլլար այն յենարանն ու փարոսը, որ օտարացնող ազդակներու դիմաց, հայը աղերսակից պիտի պահէր իր պատմութեան, ժառանգութիւններուն եւ աւանդութիւններուն: Եւ որքա՜ն հարուստ էր – եւ է – մեր մշակութային ժառանգութիւնը, մեր գոյատեւման խարիսխն ու երաշխաւորը, որ այլապէս, անկախ պետութեան հողին վրայ ծաղկումի անփոխարինելի աւիշ կը վայելէր դեռ երէկ (նաեւ այսօր, եթէ պահ մը մոռնանք Մշակոյթ նօսրացնող վիճակները):

Նպատակ չունինք երկար խօսելու Համազգայինի գործունէութեան սկզբնաւորման ու տարածման փուլերուն մասին, այլ կը բաւականանանք ընելով այլ հաստատում մը. Համազգայինը կոչուած էր ըլլալու ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ սփիւռքի տարածքին, եւ այսօր, կը տեսնենք որ անիկա արդարացուցած է իր կոչումը: Երբ Համազգային ըսենք, մեր մտապատկերին մէջ կ’արձանագրուին դպրոց, թատրոն, տպարան (դասագիրք, գրական թերթ, գրականութիւն…), երգչախումբ, պարախումբ, երաժշտական դպրոց(ներ), մշակոյթի տարածման ձեռնարկներ եւ շատ ու շատ բաներ: Այս բոլորը կատարուած են ու կը կատարուին ԱՌԱՆՑ ՊԵՏԱԿԱՆ ՅԵՆԱՐԱՆԻ, այսինքն՝ առանց կառավարական նիւթական աջակցութեան, առաւելաբար ՍԻՐՈՂԱԿԱՆ բնոյթի աշխատանքներով, որ կ’ենթադրէ զոհաբերում, նուիրում եւ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ, նոյնքան ալ… հաւատարմութիւն հիմնադիր սերունդի աւանդին:

1928ին Գահիրէի մէջ ծնած Համազգայինը կարճ ժամանակի մէջ հայ մշակոյթի ջահը տարածեց սփիւռքեան տարբեր գաղութներու մէջ, սկսելով Միջին Արեւելքէն, մասնաւորաբար Լիբանանէն: Տասնամեակները սահեցան, աշխարհը ապրեցաւ այլատեսակ ցնցումներ, այլափոխումներ, վերակազմաւորումներ: Հայ Կեանքը անմասն չմնաց: Նախապէս «հեռաւոր ու փոքրաթիւ» նկատուած գաղութները ժամանակի ընթացքին ուռճացան (երբեմն ի հեճուկս միջին արեւելեան գաղութներու): Մշակոյթի ջահը՝ եկեղեցիով, դպրոցով ու Համազգայինի նման միաւորներով պէտք էր հասցնել ամէն տեղ, ու հասաւ շուտով:

Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ Համազգայինի առաջի խմորումները սկսած են Ցեղասպանութեան 50-ամեակէն կարճ ատեն ետք, թափ առնելով հայութեան վերականգնումի եւ որակական բարեշրջման ալիքներէն, որոնք այլապէս նոր որակ ու տարածք տուին մեր Դատը հետապնդման աշխատանքին: Այստեղ, առաջին միաւորները ծնունդ առած են 1968-ին, Լոս Անճելըսի մէջ, ապա, գործը իրերայաջորդ մասնաճիւղերով արձագանգ գտած է այլ աւաններու մէջ, հասնելով Սան Ֆրանսիսքօ: Մասնաճիւղերու բազմացումը հարկադրած է աւելի՛ կազմակերպ եւ կեդրոնացեալ աշխատանքի դրութիւն, արդիւնքը եղած է Շրջանային Վարչութեան ծնունդը, որ իր ուսերուն պիտի վերցնէր – այսօր ալ կը պահէ – զոյգ առաքելութիւն: Մէկ կողմէ՝ կազմաւորել թատերախումբ, երգչախումբ, պարախումբ եւ մշակութային այլ ձեռնարկներ, զուգահեռաբար դառնալ մասնաճիւղերուն աւելի քան 10 մասնաճիւղերու եւ միաւորներու միջեւ կամուրջ, ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒՆ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԸ, փարոսը, մի՛շտ հաւատարիմ մնալով հիմնադիրներուն Գործէն բխած անժամանցելի պատգամին:

Եթէ մշակութասէր մեր հանրութիւնը անխառն գոհունակութեամբ պիտի ընկալէ եւ անվերապահօրէն նեցուկ պիտի կանգնի սկիզբ առնող ծրագիրին լիակատար արարման (փորձը ցոյց տուած է, որ մեր ժողովուրդը կարողութիւնը ունի ՇՕՇԱՓԵԼԻ ԴԱՐՁԱԾ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ արագ մարմնաւորման), նոյնքան ալ անխառն գոհունակութիւն կ’ապրին Շրջանային վարչութեան հիմնադիրները, որոնցմէ մէկ քանին (Ռիթա Որբերեան, Վարուժան Տեմիրճեան, Ռուբինա Բագրատունի եւ ուրիշներ) հիմա ականատես են իրենց տնկած ծառին հասակ առնելուն եւ արմատաւորուելուն, իսկ ուրիշներ (ինչպէս Գուրգէն Գասապեան, Եդուարդ Մսըրլեան, Պետրոս Ալահայտոյեան…) իրենց յաւերժական հանգստարանէն խնդակից եւ ապրողներուն: Նոր կեդրոնի ծրագիրին իրականացումը համազօր պիտի ըլլայ երախտապարտութիւն յայտնելու հիմնադիրներուն:

Աւելորդ չենք նկատեր, ընդհակառակն՝ օգտակար կը նկատենք կրկնել, թէ Համազգայինը Սփիւռքի մէջ հայութեան մշակոյթի նախարարութիւնն է, ՄԵՐ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ, համեստ միջոցներով եւ ընդհանրապէս սիրողական դրութեամբ տարած է ու կը տանի վիթխարի աշխատանք, կառավարական վարչամեքենաներու համազօր գործ, ինչպէս կ’ընեն այլ միաւորներ: Վերջին տասնամեակներուն, արհեստավարժութիւնը մուտք գործած է որոշ կալուածներ, սակայն սիրողականն ու կամաւորը կը մնան գործին ողնասիւնը: Համազգայինի համար ալ ի զօրու է, եւ յատկապէս՝ նշուած նկատումներով, որ անիկա ստեղծուած է ու կը գործէ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ, որպէսզի մեր ժողովուրդին յաւերժութեան գլխաւոր հնոցը՝ ՄՇԱԿՈՅԹԸ մնայ վառ ու կենսունակ: