Ուրախ Եմ, որ Պիտի Ներկայացնեմ Նախնիներուս Հայրենիքը. Էլինա Աւանէսեան

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Թենիսիստ Էլինա Աւանէսեանը յայտնած է, որ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած է եւ պիտի ներկայացնէ Հայաստանը՝ Օգոստոս 11-ին սկիզբ առնող Cincinnati Open-ի մրցաշարին։ Էլինա Աւանէսեանը այս մասին գրած է «Instagram»-ի իր էջին։

«Պատիւ ունիմ յայտարարելու, որ ես Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած եմ եւ պիտի ներկայացնեմ Հայաստանը՝ Երկուշաբթի մեկնարկող Cincinnati Open-ին։ Այս ճամբորդութիւնը անհաւատալի էր, եւ ես ուրախ եմ իմ ունակութիւնները լաւագոյնս ցոյց տալու ու նախնիներուս հայրենիքը ներկայացնելու համար։ Շնորհակալ եմ բոլորին անմնացորդ աջակցութեան համար»,- գրած է Աւանէսեան։