Մոսկուայի Լոմոնոսովի Անուան Պետական Համալսարանին Մէջ Հայագիտութեան Բաժին Պիտի Բացուի

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Մոսկուայի Մ.Վ. Լոմոնոսովի անուան պետական համալսարանին մէջ պիտի բացուի «Հայոց լեզու» ուղղութիւն եւ հայագիտութեան բաժին։ Այս մասին կը յայտնէ Ռուսիոյ հայերու միութիւնը։

Փրոֆէսըր, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, ISAA-ի Կեդրոնական Ասիոյ եւ Կովկասի երկիրներու ամպիոնի վարիչ Ալեքսէյ Մուրաւիովի խօսքով՝ Սեպտեմբերէն պիտի սկսի հայոց լեզուի, ներառեալ՝ գրաբարի (հին հայերէնի), հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ մշակոյթի ուսումնասիրութիւնը ուսուցումը։ Ամպիոնը նաեւ մտադիր է զարգացնել համագործակցութիւնը Հայաստանի համալսարաններու եւ այլ երկիրներու հայագիտական ​​կեդրոններու հետ։ Համակարգող նշանակուած է Անուշ Մարգարեան։