Անկախութիւնը Պահպանելն է Էականը․ «Գանձասար»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

28 Մայիս 1918-ի Հայաստանի անկախութեան կերտումը մեծ իմաստ ու արժէք կը զգենու ողջ հայ ժողովուրդին համար՝ հայաստանաբնակ թէ սփիւռքահայ, որովհետեւ իւրաքանչիւր հայ, ինչպիսի գաղափարի հաւատացող ալ ըլլայ, ինչպիսի քաղաքական հայեացք ալ ունենայ, քաջ գիտէ, որ անկախութիւնը մարդկային ու նիւթական զոհողութիւններով ձեռք բերուած արժէք է, զարգանալու, աճելու, որպէս ազգ ուրոյն տեղ եւ դիրք ունենալու ու համաշխարհային քաղաքակրթութեան նպաստելու միջոց։

Ինչո՞ւ ժողովուրդներ կը պայքարին անկախութիւն ձեռք բերելու համար, որպէսզի կարենան անկաշկանդ ապրիլ, ազատօրէն կիրարկել ազգային իրենց դիմագիծը պահելով յառաջդիմելու բոլոր միջոցները ու սեփական հողին վրայ ապրելով այդ հողին բարիքները, ազգին մշակութային եւ հոգեւոր արժէքները, իւրայատկութիւնները օգտագործեն, պահեն ու զարգացնեն, ժողովուրդի պաշտպանութեան եւ խաղաղ ու բնականոն կեանքի երաշխիքները ամրագրեն, որպէսզի կարելի ըլլայ գոյատեւել, աճիլ ու յառաջդիմել։

Ունենալով անկախ պետութիւն, էական է նաեւ միջազգային ընտանիքին մաս կազմելու եւ աշխարհաքաղաքական տարաբնոյթ պայմաններու մէջ շինիչ դերակատարութիւն ունենալու եւ համընդհանուր խաղաղութեան ու տնտեսական յառաջդիմութեան նպաստելու գործօնը։

Այդ գործօնը պահպանելով կ՛ամրագրուի անկախութիւնը, կը զարգանան դրացի եւ այլ երկիրներու հետ յարաբերութիւնները եւ երկրին հարստութիւններն ու մարդկային կենսուժը կ՛օգտագործուին յանուն ժողովուրդի բարգաւաճման, տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ տարբեր երկիրներու հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման։

Բնականոն յարաբերութիւններ պահպանելու, յառաջդիմելու եւ աճելու համար փոքր պետութիւններ հարկ է որ ամրացնեն իրենց պետութեան հիմնասիւնները, բարձրացնեն ճարտարարուեստի ու ժամանակակից գիտութիւններու իւրացման մակարդակը, տարածաշրջանային երկիրներու հետ բնականոն յարաբերութիւններ մշակելով մէկտեղ ուժեղացնեն իրենց գոյութեան սպառնացող վտանգներուն դէմ պաշտպանական համակարգը։

Իսկ ի՞նչ է այդ համակարգը․․․
Ուժեղ բանակն ու զարգացած ճարտարարուեստն են, ազգային մշակոյթն ու հոգեւոր արժէքներն են, կայուն տնտեսութեան ու ժողովուրդի յառաջդիմութեան երաշխիքներն են, Սփիւռք-հայրենիք կայուն յարաբերութիւններն են, որոնք ամէն փոթորիկներու դէմ կրնան պաշտպանել փոքր պետութիւններն անգամ ու նպաստել բարիդրացիական յարաբերութիւններու մշակման, առանց զոհելու ազգային-պետական հիմնասիւները՝ հայրենիք, բանակ, եկեղեցի, մշակոյթ, պետական կառոյցներ։

Այս բոլորին համար էական է յատկապէս հայրենի հողին պաշտպանութիւնը, այն հողին, ուր մեր նախնիները ապրած են դարեր շարունակ, արիւն թափած անոր պաշտպանութեան համար, ծաղկեցուցած եւ պատմութիւն ու քաղաքակրթութիւն կերտած են այնտեղ։

Ու ոչ միայն հողի պաշտպանութիւնը, այլեւ հայ ազգին խլուած ժառանգութեան ու Սեւրով հաստատուած իրաւունքներու ձեռքբերման ռազմավարութեան ու տեսլականի պաշտպանութիւնը։

Ցեղասպանութեան ենթարկուած արեւմտահայութիւնը հայրենազուրկ դարձուցին զայն հողէն արմատախիլ ընելու եւ երկար ժամանակի վրայ ոչնչացնելու հեռանկարով։ Բարեբախտաբար հայ մշակոյթն ու ազգային-հոգեւոր արժէքները հողին չափ սնունդ տուին աշխարհասփիւռ հայութեան, սակայն հայրենիք վերադառնալու եւ անոր հողին վրայ անկաշկանդ ապրելու ձգտումը կ՛ապրի մեր ազգի զաւակներու մտքին ու արեան մէջ, ինչպիսի պայմաններու մէջ ալ յայտնուած ըլլան անոնք։

Հայրենիքը այսօր կը պոկուի պատառ-պատառ, տարածաշրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական բարդ զարգացումներու թիրախին մէջ կը յայտնուի, ուստի կարիք ունի անկախութիւնը պահպանող, ծաւալապաշտ պետութիւններու Հայաստանը վերահսկողութեան տակ առնելու քաղաքականութիւնը կասեցնող, ինքնուրոյն ռազմավարութիւն մշակող իշխանութիւններու եւ յանդուգն ժողովուրդի, որոնք պիտի կարենան պահպանել ձեռք բերուածը եւ կասեցնել թաւալգլոր անկումը Հայաստանի։

Անկախութիւն կերտելը բաւարար ազդակ չէ գոյատեւելու համար, այդ անկախութիւնը-իր բոլոր իմաստներով՝ պաշտպանական համակարգի, քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ ազգային- պահպանելն է էականը ու անոր լուսաշող արեւին շուրջ հայ ազգը համախմբելն է։

Անկախութիւնը անոր կերտման համար մաքարող պետական այրերուն, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսայի հերոսամարտերուն ինկած հերոսներուն, հայրենիքը պաշտպանող եկեղեցականներուն մեզի կտակած ազգային ոգին է նաեւ։ Կը խոնարհինք անոնց արիութեան դիմաց ու կը հաստատենք, որ անկախութիւնը կերտողներուն գործը արիութեամբ պէտք է շարունակուի ու խափանուի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախ գոյութեան սպառնացող, անոր խորհրդանիշները արհամարհող ու պատմութիւնը խեղադիւրող ամէն ճիգ ու անխոհեմ քաղաքականութիւն։