
Ազրպէյճանական Հայատեացութիւնը Սահման Ունի՞
Եթէ կայ ոլորտ մը, ուր ազրպէյճանցիները անմրցելի են, այդ մէկը անկասկած հայատեացութեան մէջ «ստեղծարարութիւն»ն է։ Այս մասին կը գրէ
«Նոր Յառաջ»-ը։
Այսպէս, կը տեղեկանանք թէ ազրպէյճանցի զինուորներու բազկանշանին վրայ գրուած է՝ «Մի՛ փախչիր հայ. (թէ ոչ՝) պիտի մեռնիս ուժասպառ»: Այլ խօսքով՝ հայը երբ հանդիպի ազրպէյճանցիին, պէտք է անմիջապէս անոր մատուցէ իր վիզը, եթէ չուզեր նոյն ճակատագրին արժանանալ՝ մորթուիլ, ի զուր յոգնելէ ետք։
Բազկանշանի կեդրոնն ալ տեղադրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճարտարապետերէն՝ էնվեր փաշայի նկարը։
Ակնյայտ է, որ ազրպէյճանական ղեկավարութեան գիտակցութեան մէջ՝ 1915-ի Ցեղասպանութեան եւ այսօրուան միջեւ պատմական լուրջ շարունակականութիւն կայ։