Բողոքի Շարժման Երկսայրի Բնոյթը Երեւանի Մէջ Եւ Մեր Հաւաքական Պատասխանատուութիւնը․ Կարօ Արմենեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Մեծ ոգեւորութեամբ եւ միաժամանակ զգալի անհանգստութեամբ կը հետեւիմ Բագրատ սրբազանի գլխաւորած բողոքի շարժման փուլերուն, որոնք կը փոխուին ամէնօրեայ յաճախականութեամբ: Կ՛ապրինք թէժ ժամանակներու մէջ:

Խոստովանի՛նք, որ շարժումը մեր մտքերը պարտադրաբար կը յղէ մօտիկ անցեալի իրադարձութիւններուն: Մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ է ընդդիմութեան բազմահանգրուան փորձը անցնող քանի մը տարիներու ընթացքին: Ընդդիմութի՛ւն, որուն մէջ առաջնորդող դիրքերու վրայ էր նաեւ իմ կուսակցութիւնս` ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Արդարեւ, ո՛չ նուիրումը կը պակսէր ընդդիմութեան իրերայաջորդ ալիքներուն, ո՛չ քաղաքական ներուժը, ո՛չ քաղաքական իմաստութիւնն ու քաղաքական կամքը: Եւ սակայն անվիճելի փաստը այն է, որ անոնք բոլորն ալ  յանգեցան անարդիւնաւէտ վախճանի եւ համատարած հիասթափութեան: Ինչո՞ւ:

Բագրատ սրբազանի եւ իր գործակիցներու առաջին խնդիրն է հասկնալ նախորդող ընդդիմադիր շարժման փորձառութիւնը յետին մանրամասնութեամբ: Բա՛ն մը, որ վստահաբար այս պահուն դրուած է իրենց օրակարգին վրայ:

Սրբազան հօր խօսքը մեծ վարկ կը վայելէ ներկայիս մեր ժողովուրդին մէջ: Եւ այս մէկը ոչ միայն հայրենիքի, այլ նաեւ` ամբողջ աշխարհի մէջ: Ասիկա անգնահատելի քաղաքական հարստութիւն մըն է, որ նաեւ չի դադրիր մեծապէս փխրուն ըլլալէ: Մեր ժողովուրդի վստահութեան քուէն կրնայ ունենալ աշխարհածաւալ լայնք, բայց միաժամանակ` շատ չնչին խորութիւն… Պէտք է մեծ բծախնդրութեամբ խորաչափել զայն եւ ըստ այնմ կազմակերպուիլ վաղուան համար:

Օրերը ցոյց տուին, որ Փաշինեան եւ իր ետին կանգնած համաշխարհային համակարգը շատ լաւ կը հասկնան մեր բողոքի հոգեբանական առանձնայատկութիւնները: Կեանքը ցոյց տուաւ, որ որոշ իմաստով անոնք աւելի լաւ կը ճանչնան մեզ, քան մենք` մեզ:

Անցեալի ընդդիմութեան շարժման նպատակն էր վար բերել պարտութեան վարչակարգը եւ դուրս բերել երկիրը իր ճակատագրական փակուղիէն: Շարժման որոշումն էր այս նպատակին հասնիլ քաղաքացիական անհնազանդութեան սահմանադրական զէնքերով: Հակադիր ճակատի վրայ փաշինեանական համակարգի նպատակն էր ցոյց տալ, որ ինք կարող է յաղթահարել այս մարտահրաւէրը եւ յաջողապէս վերապրիլ: Վերապրիլ ամէն գնով: Միշտ հաշուի առնելով, որ այս բանին համար ինք կրնայ ապաւինիլ համաշխարհային ուժերու (եւ յատկապէս` թշնամիի) անյատակ կարողականութեանց: Եւ այս հակադիր կողմերու ռազմավարութեանց միջեւ կը գտնուէր Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան լուռ զանգուածը… Փաշինեան դիմեց ամէն միջոցի, որպէսզի այդ զանգուածը մերժէր իր վստահութեան քուէն ընդդիմութեան պայքարին: Ան ամէն միջոցի դիմեց ապաքաղաքականացնելու ժողովուրդի լայն զանգուածը` զայն վախցնելով, զայն կաշառելով, զայն յուսահատեցնելով, զայն քաղաքականապէս բարոյալքելով: Կրնանք անվարան ըսել,  որ բողոքի շարժումը իր կռնակէն դաշունահարուեցաւ այն իսկ զանգուածին կողմէ, որուն արժանապատիւ գոյութեան համար կը կռուէր ան: Ողբերգութի՛ւն մը, որ պիտի մնայ մեր ժամանակակից պատմութեան արատը յաւիտեանս յաւիտենից:

Իրականութեան մէջ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, յուսալքութենէ բխող անձնատուութիւնն էր: Ֆրանսացիք այս երեւոյթը կը բնորոշեն որպէս adhesion de désespoir: Փակուղիի մէջ բռնուած մարդն է, որ ի վերջոյ «կը յանձնուի» եւ «կ՛ընտրէ» իր ճորտային կարգավիճակը (մերժելով ազատութիւնը)` կարենալ գէթ վերապրելու համար: Ճիշդ ինչպէս խորհրդային համակարգն էր իր խորքին մէջ, որուն յիշողութիւնը դեռ շատ թարմ է մեր ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ:

Հետեւաբար կարեւոր է, որ անդրադառնանք մէկ հիմնական իրականութեան: ՈՐՊԷՍ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՍԿԶԲՈՒՆՔ` ԲՈՂՈՔԻ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ԿՈՉՈՒԱԾ Է ՁԱԽՈՂԵԼՈՒ ԱՆՑՆՈՂ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՕՐՈՒԱՆ ՀԵՏ: ԱՆՇՈՒՇՏ Կ՛ԱԿՆԿԱԼԵՆՔ, ՈՐ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ԹԱՓ ՀԱՒԱՔԷ ԱՆՑՆՈՂ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՕՐՈՒԱՆ ՀԵՏ, ԵՒ ԲԱՑԱՌՈՒԱԾ ՉԷ, ՈՐ ՊԱՏԱՀԻ ՆԱԵՒ ԱՅԴ ՄԷԿԸ: ԲԱՅՑ ԱՅԴ ՄԷԿԸ, ԸՍՏ ԷՈՒԹԵԱՆ, ՊԱՐԱԳԱՅԱԿԱՆ ՊԱՏՐԱՆՔ ՄԸՆ Է, ՈՐՄԷ ՊԷՏՔ ՉԷ ԽԱԲՈՒԻԼ: ՇԱՐԺՈՒՄԸ ԹԱՓ ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԷ ԱՄԷՆ ՕՐ, ՈՐ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԿԸ ՅԱՋՈՂԻ «ՊՈՌԱԼ» ՄԵՐ ԵՐԵՍԻՆ ` «ԿԵՆԴԱՆԻ՛ ԵՄ»… ԻՆՉՊԷՍ ՍԱՍՈՒՆՑԻ ԴԱՒԻԹԸ:  ԵՒ ԻՐ ԿԵՆԴԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՍՏԵ՛Լ ԻՐ ԱՐՏԱՔԻՆ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ: Ի ՎԵՐՋՈՅ ԲՈՂՈՔԻ ՇԱՐԺՈՒՄՆ Է, ՈՐ Կ՛ԻՅՆԱՅ ԵՐԿՈՒՈՒԹԵԱՆ ՔԱՈՍԻՆ ՄԷՋ ԵՒ ԿԸ ՉՔԱՆԱՅ:

Այս բանին մեծ գիտութեամբն են օժտուած Փաշինեանի համակարգն ու իր արտաքին հովանաւորներու բանակը (ներառեա՛լ` թշնամին): Հետեւաբար ապահովութեան սիրոյն հաշուեցէք, որ ժամանակի գործօնը կը գործէ շարժման դէմ եւ ոչ` հակառակը: Հաշուեցէք, որ շարժումը կը գործէ ապառիկ ժամանակով: Ժամանակը չի պատկանիր ձեզի: Հաշուեցէք, որ բողոքի շարժման տրուած է շատ նեղ պայմանաժամ մը` փաշինեանական համակարգը լուծարելու: Միշտ ի մտի ունենա՛լ,   որ երկսայրի ուժականութիւն մը կայ երեւանեան բողոքի էութեան մէջ: Ուժականութիւնը կը պատկանի բողոքի շարժման, այնքան ատեն որ ան հաւատք կը ներշնչէ քաղաքացիին, որ այս առճակատման մէջ առաւելութիւնը կը պատկանի շարժման:  Ամէն օր,  որ շարժումը տեղքայլ կ՛ընէ, կը կորսնցնէ քաղաքացիին հաւատքը` զայն մղելով ձեռնպահութեան, եւ այդ ձեռնպահութիւնը կը գործէ ի նպաստ իշխանութեան: Դաժան իրականութիւնը այն է, որ շարժումը անգիտակցաբար եւ ինքնաբերաբար կը գործէ ի նպաստ Փաշինեանին, երբ քաղաքացին ամրացած է իր ձեռնպահութեան մէջ` հանդէպ շարժման… Շարժումը, ամէն գնով, պէտք է խուսափի առճակատման այս սադայէլական գօտիէն (devil՛s zone):

Պէտք չէ իտէալականացնել հակասութիւններու մէջ բռնուած այսօրուան քաղաքացին: Այսօրուան քաղաքացին շատ հեռու է ազատ մտածող մը եւ ազատ ընտրող մը ըլլալէ: Այս բանին մէջն է, որ յաջողած է փաշինեանական համակարգը (եւ իրմէ առաջ` խորհրդային համակարգը): Այսօրուան քաղաքացիին համար ազատութիւնը կու գայ շատ աւելի մեծ ճիգով, քան` աւելի բնականոն պայմաններու մէջ ապրող մարդուն: Ընդունեցէք, որ քաղաքացիին առաջնահերթ խնդիրը վերապրիլն է այս բառին ամէնէն նախնական էութեամբ: Այսպէս է քաղաքացին ամէնուրեք: Այսպէս կը գործէ քաղաքացիին միջավայրը պայմանաւորող քաղաքականութիւնը: Կրկին կարդացէք Արիստոտէլը: Այս բանտուած կարգավիճակէն է, որ մագլցելով դուրս կու գայ Նարեկացին` մատչելով հոգեւոր ազատութեան: Եւ միայն մէկ Նարեկացի կայ:

Քաղաքացիին քաղաքականացումը եւ, աւելի՛ն, անոր յեղափոխականացումը այսօր կախուած է շարժման ռազմավարութեան որակէն: Կը յաջողին այն ռազմավարութիւնները միայն, որոնք կրնան գործել շրջադարձային յարացոյցով եւ իրավիճակ փոխել ժամանակի կայծակնային գործօններով:  Մէկ բան յստակ է: Բողոքը չի կրնար համակեցութեան մէջ գտնուիլ սթաթուս քոյին հետ: Փաշինեանի չքնաղ բառապաշարով` «իրական Հայաստանին հետ»: Նման համակեցութիւնը կը թունաւորէ բողոքի շարժումը եւ ի վերջոյ կը սպաննէ զայն: Եւ երկարաձգուած բողոքը, փաշինեանական համակարգի մեքենայութիւններով,  ի վերջոյ կը հաւասարի մեղաւոր համակեցութեան, զոր պէտք է մերժել ամէն գնով:

Վերադառնալով Բագրատ սրբազանի գլխաւորած շարժման նախաձեռնութիւններուն` լաւ է այժմէն արծարծել այն մտահոգութիւնները, որոնք կապ ունին այս սկզբնական օրերու թանկ բնոյթին հետ: Չկայ շարժում, որ ազատ ըլլայ հոգեբանական պատերազմի սպառնալիքներէն: Բայց նաեւ ամէն շարժում իր իմաստութիւնն է, որ կը բերէ ազգային ազատագրութեան գործին: Շարժման այսօրուան յայտարարութիւնը կը խոստանայ յառաջիկայ շաբաթը ընել ջրբաժան եւ ջարդել փակուղին: Կեցցէ՛ք: Շարժման շտեմարանները հարուստ են ոգեւորութեան թարմ պաշարներով, որոնք պէտք է արագօրէն նուաճեն ազգային լայն միասնականութեան նշաձողը` ծնունդ տալով քաղաքական ուժերու միասնական ուխտին, սարսելով հիմերը փաշինեանական հաստատութեան:

Սրբազան հօր շղթայազերծած մակընթացութիւնը պատմական մեծ պատասխանատուութիւն մը կը դնէ շարժման ղեկավարութեան եւ շարժման բոլոր նուիրեալներուն ուսին: Իրենք փուլ բերին համբերութեան ամբարտակը` յղելով վերջնական ազդարարութիւնը պարտութեան վարչակարգին: Ետդարձ չկա՛յ: Օրերու ընթացքին փուլ պէտք է գայ փաշինեանական համակարգը:

Պէտք է բերել այդ օրը անյապա՛ղ: Պէտք է բերել ամէն գնով: Տէր ընդ ձեզ: