
Թշնամիի Օգտին Չդադրող Միակողմանի Զիջումներուն, Սահմանազատման Ապօրինի Գործընթացին Դէմ Վաղը Իրազեկման Երթ Պիտի Իրականացուի
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան ատենապետ Տարօն Ղազարեան կը գրէ.
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Վաղը՝ ժամը 13:00-ին, ուսանողական այգիէն՝ Վիկտոր Համբարձումեանի արձանի մօտակայ տարածքէն (Ագրարային համալսարանի եւ Ճարտարապետութեան ու շինարարութեան Հայաստանի ազգային համալսարանի մէջտեղ) պիտի սկսինք իրազեկման խաղաղ երթ՝ որպէս թշնամիի օգտին չդադրող միակողմանի զիջումներու, սահմանազատման ու սահմանագծման ապօրինի գործընթացի դէմ բողոք եւ աջակցութիւն «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման։
Փափաքողները կրնան միանալ մեզ»։