Արցախի Վ. Փափազեանի Անուան Դրամատիկական Թատրոնի Խումբը Հասաւ Պէյրութ

Հայաստան, Սփիւռք

Երէկ Պէյրութի օդակայան հասաւ Արցախի Վ. Փափազեանի անուան դրամատիկական թատրոնի խումբը, որ Հինգշաբթի, 18 եւ Ուրբաթ, 19 Ապրիլին, կազմակերպութեամբ ՋԱՀ «Ջաւախք, Արցախ, Հայաստան» յանձնախումբին, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ պիտի ներկայայցնէ «Հրէշը լուսնի վրայ» թատերախաղը` երկու գործողութեամբ` բեմադրութեամբ Վահան Խաչատրեանի: Այս մասին կը հաղորդէ «ԱԶԴԱԿ»-ը։