
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական Ազգագրական Պատկերներ՝ Տեսիլք, Կամք եւ Յոյս» Գրքի Շնորհահանդէսին (Քուէյթ)
Տոքթ․ Ներսէս Սարգիսեան
Գիրքին պիտի մօտենամ շարքային ընթերցողի դիտանկիւնէն: Երբ գիրք մը ձեռքս առնեմ,
-Կրնայ պատահիլ որ ընդհատեմ ընթերցանութիւնը, գիրքը հոգեմտաւոր աշխարհիս անհաղորդ է:
-Կրնայ պատահիլ որ գիրքը զիս մղէ մտածելու վերլուծելու այնտեղ արծարծուած միտքերուն ու գաղափարներուն մասին կարծիք ձեւաւորելու:
«Հայկական Ազգագրական Պատկերներ» ու պարագային, երբ դարցուցի գրքի վերջին էջը, հարազատ ընկերոջմէ մը բաժնուելու զգացումը ապրեցայ. Գիրքը զիս գրաւած էր, ուստի անկախ ամէն տեսած thematic եւ գեղարուեստական հանգամանքներէ, գիրքը ինծի համար յաջող էր:
*Հետաքրքրական է ծանօթանալ, թէ հաւաքական մեր կեանքին այս ծանր օրերուն ի՞նչ ունի ըսելիք տոքթ. Հրայր Ճէպէճեան հայ ընթերցողին:
Յօդուածներուն ժամանակագրական դասաւորումէն անկախ, thematic դասաւորումի մը տարրանջատումով պիտի տեսնենք, որ հեղինակը հիմնականին մէջ անդրադարձած է հետեւեալ Thema-ներուն:
- Հայկական Սփիւռքը իր բազմադիմի էութեամբ, հոգեմտաւոր բարդ կազմուածքային շերտերով, գաղութները կազմող հայերու հոգեբանական, զգացական եւ մտաւոր առանձնայատկութիւններով, նմանութիւններով եւ տարբերութիւններով, հաւաքական ինքնութեան խնդիրներով: Հայկական Սփիւռքը կը գրաւէ գրքի առիւծի բաժինը:
Պէյրութէն Գահիրէ, Պուխարեսդ, Պուտապեշտ, Սոֆիա, Ժընեւ, Պելֆաստ, Լոնտոն, Նիկոսիա, Օսլօ, Քոբենհակէն, Ալմէլօ, Ամսթրտամ, մինչեւ հայկական Պոլիս: Ճէպէճեան շատ կը ճամբորդէ իր հետ կը տանի նաեւ մեզ ու մեզ կը բերէ եւ պաստարի մը վրայ կը ներկայացնէ ուրիշը, որպէսզի զայն ճանչնանք, ընդունինք, սիրենք:
Վերցնենք օրինակ մը :
(Խաղաղութեան Պատկերներ) ու թատերաբեմը Հիւսիսային Իրլանտան է, Պելֆասթ քաղաքը, կաթողիկէ եւ Աւետարանական համայնքներու միչեւ հակասութիւններն ու անհասկացողութիւնները ստեղծած եւ հոգեբանական պատնէշներ, որոնք վերածուած են նիւթեղէն պատնէշներու:
Հեղինակը կուզէ ատելութեան պատերը վերածել խաղաղութեան կամուրջներու
Վերադառնալ մարդկութիւնը միացնող ակունքներուն, խաղաղութիւն տարածել, որ նաեւ քտիստոնիական արժէք, պատգամ ու գործ մըն է եւ իբր հեղինակը հակասութիւնները կը տեղադրէ Իրլանտայի բնութեան գեղեցիկ մէկ պատկէրին վրայ paradox- մը կը ստեղծէ, որ իր կարգին պատգամ մը կը փոխանցէ թէ Աստուած աշխարհն ու բնութիւնը ստեղծած է գեղեցիկ, ներդաշնակ ու բարի, մարդն ալ իր կարգին պէտք է, որ կենսագործէ այս ներդաշնակութիւնը:
Այստեղ բովանդակային իմաստով կը զգացուի (pantheism)-ը Պարուխ Սպինոզայի իմաստասիրութիւնը, բնութիւնը եւ անոր բազմազանութիւնը եւ ներդաշնակութիւնը, Աստուծոյ նիւթեղէն դրսեւորումն է, որու մէջ մարդը պէտք է ապրի ներդաշնակ ու երջանիկ:
Ինչպէս հատորի գրեթէ բոլոր յօդուածներուն մէջ, այստեղ նաեւ կը յայտնուի հայը, հոս ան (Մանուկ Տիշչէքէնեանն) է, որ 5 հոգիէ բաղկացած Պելֆաստի հայ համայնքով հայութիւնն ու անոր արդար դատը պիտի ծանօթացնէ հակասութիւններու մէջ յայտնուած իրլանտացի հասարակութիւններուն:
Յօդուածներուն մէջ, որոնց դատերաբեմերը բազմազան են, միշտ պիտի յայտնուի հայ մը:
- Եթէ Պելֆասթի մէջ յայտնուած հայը Մանուկ Տիշչէքէնեանն է, «Եթէ կ’ուզես, կ’լլայ»-ին մէջ ան Օրդ. Թաշճեանն է. Փարիզի Շարլ Կօլ օթակայանի պաշտօնեան, որ անթերրի հայերէն կը խօսի հեղինակին անոր ուղղած հարցումին, թէ Փարիզ ծնած այնտեղ հասակ նետած հայուհին ինչպէ՞ս անթերրի հայերէն կրնայ սորված ըլլալ, Շոփէնհաուէրեան կամքով եւ ինքնավստահութեամբ ան պիտի պատասխանէ «Եթէ կ’ուզես, կ’լլայ»: Ի դէպ այս միջադէպը հաճելի աւարտ մըն ալ կ’ունենայ, երբ հեղինակը կը նպաստաւորուի first-class աթոռով մը:
-Այլ յօդուածի մը մէջ հայը Իրաքէն Ալմէլօ տեղափոխուածն է իր մտածելակերպով, պատկանէլիութեան մարտահրաւէրներով:
-Ուրիշ տեղ մը Ժընէվ (Յակոբ Թոփալեան) հիմնադրամի շուրջ համախմբուած հայերն են:
Այո հայեր, որոնք ամէն տեղ են, պատնէշի վրայ են, որոնք պատմելիք ունին աշխարհին, ցեղասպանութենէն ժառանգած եւ տակաւին շարունակուող ցաւ ունին, աշխարհին բացուելով հանդերձ ինքնութիւնը պահպանելու մարտահրաւէրներ ունին եւ այդ մարտահրաւէրներէն արժանապատիւ ու յաղթական դուրս գալու խնդիր ունին:
Իսկ երբ ուրիշ հայը բացակայ է, կայ հեղինակը, որ ցեղասպանութեան մէջ ընտանիքի 25 անդամներ կորսնցուցած է, 25 նահատակներ, ինչպէս (պիտի շարունակենք պատմել) ուն մէջ, ուր հեղինակը հրեայ (Սթիւըն Փաքդ) ին պիտի պատմէ հայոց գողգոթային մասին, զուգահերներ եւ տարբերութիւններ պիտի պարզէ հրիական (Shoah)-ին ու հայոց ցեղասպանութեան միչեւ եւ պիտի զարմանայ, որ (Փաքդ)-ի հայ ընկերները իրեն այդ պատմութիւնները չեն պատմած:
Ճէպէճեան, Ռապըրթ Ֆիսքի եւ Կարօ Արմէնեանին հետ նաեւ պիտի զարմանայ եւ վրդովմունք արտայայտէ, թէ ինչպէս կարելի է նշել (Ա. Աշխարհամարտի) 100 ամեակը անտեսելով հայ ազգի զոհողութիւններն ու ցեղասպանութիւնը:
Այո, մենք պարտաւոր ենք յայտնուելու ուրիշներու պատմութիւններուն մէջ. Մեր խօսքը ըսելու համար, որպէսզի աշխարհը ըլլայ աւելի արդար, գեղեցիկ եւ Աստուածահաճոյ:
Սփիւռքեան հակասութիւնները, համադրումի ու կառուցողական ներդաշնակութիւն ստեղծելու փորձերը իւրայատուկ երանգ մը կը ստանան գրքին մէջ երբ այդ հայը (Պոլսահայ)ն է, Պոլսահայ գաղութը տիրական ներկայութիւն մըն է (Ազգագրական Պատկերներ)ուն մէջ:
Հաւանաբար, գրքին մէջ սփիւռքի գաղութներէն միակ բացական, քուէյթահայ գաղութն է, կ’առաջարկեմ որ հեղինակը ապագային լրացնէ այս բացը:
2-րդ Թեման
Գրքին մէջ տիրական ներկայութիւն մըն է Ճէպէճեան ընտանիքը իր հարուստ աւանդով:
- Բժիշկ Ռոպէր Ճէպէճեան, որու սկսած գործը հեղինակը կը ջանայ շարունակել:
- Աւետիս Ճէպէճեան, Օսմանեան բանակի գնդապետ-բժիշկը, որ Ա.Աշխարհամարտին հաւատարմօրէն ծառայած է Օսմանեան բանակէն ներս:
- Արաքեսիա Ճէպէճեանը, որ մերժեց դաւանափոխ ըլլալ, Տէր Զօրը դարցուց իր ազգի բեկորները փրկելու պատուանդանի եւ բանտին մէջ նահատակուեցաւ 1916-ին:
- Վանիկ Ճէպէճեան, որ Հալէպէն վերադարձի տոմսը չապահովեց, սակայն ապահովեց կեանքի արժէքի եւ անմահութեան տոմսը:
Տօքթորին պիտի առաջարկեմ Ճէպէճեան ընտանիքին նուիրուած յատուկ գրքի մը հրատարակութեան ձեռնարկել, կը կարծեմ որ յաջող եւ օգտակար գործ մը կը ստացուի:
3-րդ Թեման
Քրիստոնէական հոգեւոր թեման ներկայ է (Ազգագրական Պատկերներ)ուն մէջ:
Ճէպէճեանին համար (Աստուածաշունչը) հաւաքականութեան գիրքն է, ան իր ներգործութիւնը ունի կեանքի բոլոր երեսներուն վրայ:
Հայու ազգային ինքնութիւնը խարսխուած ու շաղախուած է քրիստոնէական արժէքներով, այստեղ տարրանջատում կատարելը անհնար է:
- *Քրիստոս աշխարհի վրայ իր ապրած կեանքի ընթացքին քննադատեց մարդուս ստեղծած բտտած համակարգը:
*Խաչին վրայ իր մահով քանդեց այդ համակարգը:
*Յարութեամբ կերտեց նոր համակարգ, նոր համակարգին պէտք է հաւատարիմ մնանք:
2- Քրիստոնէական աստուածաբանութեան (ճակատագիր) հասկացողութեան մէջ շատ բան կախեալ է մարդէն, որու Աստուած տուած է (բարոյական ընտրութեան առանձնաշնորհում):
3- Մեր կեանքի երեք հողերուն մէջտեղի հողը, որ աշխարհի վրայ մեր ապրած կեանքն է պէտք է դառնայ ճակտի քրտինքով հաց ու բան արտադրող, պարարտ հող: Կրօնական, հոգեւոր թեմաներու անդրադարցող յօդուածները (theologic) վերլուծումներ չեն, այլ իրական կեանքին համար ուղղեցոյցեր, առօրեայ խնդիրները, աշխարհի հարցերը, քրիստոնիավայել ընթացքով մը դիմագրաւելու կամք. Յոյսի ու հաւատքի տեսիլք, բարի պատերազմ պատերազմելու կոչ ու պատգամ, ազատ, անկախ, սակայն պատասխանատու
Խօսք եւ գործ, գլխագիր (բան)-ին բարձրացնելու հորդոր, քրիստոնէավայել կեանքի ծրագիր:
Որովհետեւ (Աստուած մեզի երկչոտութեան հոգի չտուաւ, այլ զօրութեան, սիրոյ եւ զգաստութեան):
2020 թուականը մարդկութեան եւ յատկապէս հայութեան համար ծանր տարի մը եղաւ -գոռոնայ ժահրի համավարակ
-Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթիւն
-Արցախի 44 օրեայ պատերազմ
Այս թեմաներուն անդրադարձող յօդուածները շատ են գրքին մէջ:
-Գոռոնա ժահրի համավարակը արագացուց նոր աշխարհակարգի մը ձեւաւորման գործընթացը, որուն ընդյառաջ հեղինակը կը հորդորէ լարել մեր (հոգեկան, մտային ու ֆիզիքական) ոյժերը, վերաթարմացնել մեր ինքնութիւնը, հաւատալ Յարութեան ոյժին եւ ընդանալ յառաջ, համավարակի շրջանին հեղինակը պարտաւորուած կ’ըլլայ ամիսներով շրջափակուած մնալ (Մահպուլայի) իր բնակավայրին մէջ եւ ինչպէս օրին մեզի համար, իրեն համար ալ ասիկա առիթ մը կ’ըլլայ ծանօթանալու իր անմիջական միջավայրին, հարեւաններուն, անոնց կեանքին, կենցաղին: Իր պարագային այդ հարեւաններուն գերակշիռ թիւը կազմուած էր հնդիկ բանուորներէ, որոնք պարտաւոր էին անծայրածիռ հերթեր կազմել պատառ մը հաց ստանալու համար: Մինչդեռ քիչ մը անդին տեղացիները հերթեր կազմած էին թանկ վաճառանիշներով հագուստներ եւ իրեր գնելու համար:
Այս paradoxal պատկերներուն մենք ալ օրին ականատես եղանք, հեղինակին մօտ սակայն ան ձգած է խոր ազդեցութիւններ, անարդարութեան զգացում, բանուորներու ցաւի եւ տառապանքի գիտակցութիւն:
-Արցախի 44-օրեայ պատերազմ, պարտութիւն, Եռափլուրի (surealist)-ական պատկերներ, ահաւոր ցաւ, հեղինակը այստեղ չի կատարեր քաղաքական վերլուծումներ, ան կ’օգտագործէ Ասուածաշնչային բանաձեւ մը:
Մենք (կշռուեցինք եւ պակաս գտնուեցանք):
Տագնապէն դուրս գալու միջոցը հեղինակին համար, (համակարգ-պետութիւն) կերտելը, կամ (պետականաշինութիւնն է), հայի բրկութիւնը իր խելիքն մէջ է, կակուղ ոյժին (soft power) -ին, հեղինակը կը հաւատայ ու չատագովն է միասնականութեան, իրեն համար Սփիւռքը Հայաստանի միակ (հաւատարիմ դաշնակիցն) է, Սփիւռքը որ անցողակի, ժամանակաւոր երեւոյթ մը չէ, այլ մնայուն ներկայութիւն մըն է:
Հեղինակը նաեւ կը հաւատայ (քաղակացիական դաստիարակութեան) կարեւորութեան, օրինակը բերելով Ճաբոնէն, բացատրելով թէ ինչպէս քաղաքացիական առողջ գիտակցութիւնը կը մղէ աշխատասիրութեան, յաջողութեան, զարգացման ու պետականաշինութեան:
Յօդուածներուն մէջ գաղափարական բազմաթիւ համընկումներ կան Արամ Ա.Վեհափառ Հայրապետի մտածումներուն, ինչպէս նաեւ Խաչիկ Տէտէեանի հետ:
Երկու խօսք կ’ուզեմ ըսել Ճէպէճեանի լեզուին մասին : Յօդուածներու լեզուն, պարզ, մատչելի ու անմիջական արեւմտահայերէնն է:
Կը կարծեմ սակայն, որ աւելի բծախնդրութեամբ Ճէպէճեան զայն կրնայ բարձրացնել գեղարուեստական լեզուի մը մակարդակին:
Վերջացնելով խօսքս
Սիրելի Տոքթ.Ճէպէճեան, մտնելով Հայր Սուրբի եւ ձեր մասնագիտական ոլորտէն ներս, թոյլ տուէք Աւետարանէն մէջբերում մը ընել:
«Այն Ամէնին, որ շատ տրուեց, նորանից շատ կ’ուզուի եւ ում որ շատ պահ տրուեց, նորանից էլ աւելի կը պահանջեն» Աւետարան ըստ Ղուկասու:
Աստուած ձեզի շատ տուած է, ուստի մենք ալ իրաւունք ունինք ձեզմէ պահանջել աւելին:
—————–
Խօսք Նուիրուած Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական Ազգագրական Պատկերներ՝ Տեսիլք, Կամք եւ Յոյս» Գրքի Շնորհահանդէսին