100-Ամեայ Մեր Անլռելի Զանգակատունը` Իբրեւ Ճշմարիտ Լոյսին Տանող Կոչնակ

Հայաստան, Սփիւռք

«ԱԶԴԱԿ»

Հայկական աշխարհը կը նշէ մեծն Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակը: Անմահանուն բանաստեղծ Պարոյր Սեւակ իրաւամբ եղած է հայ ոգին լաւագոյնս արտայայտող քերթողը, եւ կասկածելի պայմաններու մէջ ինքնաշարժի արկածի զոհ դառնալը երբեք մոռացութեան քողին տակ չծածկեց սեւակեան հանճարը, մեծանուն բանաստեղծին բերած նպաստը հայ գրականութեան եւ քերթողութեան մարզերուն մէջ:

Հանճարեղ Սեւակի ծննդեան 100-ամեակին առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ տեղի կ՛ունենան յոբելենական հանդիսութիւններ, կը հրատարակուին նոր գիրքեր ու աշխատասիրութիւններ, նոր լոյս կը սփռուի անոր գրական ստեղծագործութեան վրայ: Անմասն չէր կրնար մնալ նաեւ լիբանանահայ գաղութը` այս ընդհանուր մթնոլորտէն: Այս յոբելեանին առիթով, նախաձեռնութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, գործակցութեամբ Համազգային Երեւանի գրասենեակին եւ «Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարան»-ին, խմբագրութեամբ մեծ բանաստեղծի թոռնիկին` Սեւակ Ղազարեանի, լոյս պիտի տեսնէ անոր «100 բանաստեղծութիւն» հատորը` դասական ուղղագրութեամբ:

Ուրբաթ, 22 մարտին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ Համազգայինի Գիր եւ գրականութեան մասնագիտացած մասնաճիւղին, տեղի պիտի ունենայ «100 բանաստեղծութիւն» հատորին շնորհահանդէսը եւ Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւնը: Նմանօրինակ հանդիսութիւն կը նախատեսուի նաեւ յաջորդ օր` շաբաթ, 23 մարտին, Այնճարի մէջ, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին: Զուգահեռ` արտասանական միջդպրոցական մրցանք: Զուգահեռ նաեւ` նոր հրատարակուած հատորի տրամադրում` հայկական վարժարաններու աշակերտութեան:

Մինչեւ 100-ամեակի յոբելենական հանդիսութեան օրը այս սիւնակով կը հրատարակենք սեւակեան հանճարին արգասիքը հանդիսացող ընտրուած քերթուածներ: Պարոյր Սեւակ, իր անմահ ստեղծագործութեան` «Անլռելի զանգակատան» նման մեր հայ իրականութեան մէջ ինքն ալ դարձաւ անռլելի զանգակատուն մը` իբրեւ լոյսին առաջնորդող կոչնակ:

Եւ ուրեմն` եղիցի լոյս…

————

ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Իմ քաղցրանո՜ւն,
Իմ բարձրանո՜ւն,
Իմ տառապա՛ծ,
Իմ փառապա՛նծ:
Հների մէջ` դու ալեհեր,
Նորերի մէջ` նոր ու ջահել.
Դու` խաղողի խչմարուած վազ,
Վշտերդ` ջուր, ինքդ աւազ.
Դու` բարդենի սաղարթաշատ,
Առուն ի վար փռուած փշատ.
Դու` կիսաւեր ամրոց ու բերդ,
Մագաղաթեայ մատեանի թերթ.
Դու` Զուարթնոց – աւեր տաճար,
Կոմիտասեան Ծիրանի ծառ.
Դու` ջրաղաց խորունկ ձորում,
Դու` հորովել անուշ ծորուն,
Փայլ գութանի արծաթ խոփի.
Դու` նե՛տ, նիզա՛կ, մկո՛ւնդ կոպիտ,
Դու` հայրենի ծխանի ծուխ,
Դու` անգի՛ր վէպ, դու` Սասնայ ծո՜ւռ…

Իմ փառապա՛նծ,
Իմ տառապա՛ծ,
Իմ բարձրանո՜ւն,
Իմ քաղցրանո՜ւն:
Դու` մտքերի շտեմարան,
Ոսկեվազեան գինու մառան.
Դու` թաւշէ դեղձ, դու` փրփուր հաց,
Արտաշատեան խաղող սեւաչ.
Դու` Սեւանի վառուող կոհակ,
Երեւանի սիւն ու խոյակ.
Դու` հանգրուան, կանչող փարոս,
Դու` հայկական գերբ ու դրօշ.
Խօսուն վկայ կոտորածի
Ու վճիտ աչք ցամքած լացի.
Արդարութեան ահեղ ատեան,
Սրի պատեան,
Սիրոյ մատեան –
Միշտ հի՛ն ու նո՛ր իմ Հայաստան:

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

(«Նորից քեզ հետ» – 1957)