Խաղաղութիւնը Չի Կրնար Կերտուիլ Արցախահայութեան Արդար Իրաւունքներուն Հանդէպ Անյարգալից Դրսեւորումներու Պայմաններով․ Յայտարարութիւն

Աշխարհ, Հայաստան

Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ՝ Հայաստանի եպիսկոպոսները եւ թեմակալ առաջնորդները հանդէս եկած են յայտարարութեամբ Արցախի Հանրապետութեան գերեվարուած ռազմաքաղաքական ղեկավարներու հիմնարար իրաւունքներու ոտնահարման դէպքերուն վերաբերեալ.

«Օրեր առաջ ազրպէյճանական քարոզչամեքենան յանցաւոր չարախնդութեամբ եթեր հեռարձակեց Արցախի Հանրապետութեան գերեվարուած ռազմաքաղաքական ղեկավարներու հետ պարտադրուած հարցազրոյցներու հիման վրայ յօրինուած, յառաջիկայ Մարտ 28-ին ցուցադրութեան նախատեսուած, այսպէս կոչուած «Անդիդեռոր» վերնագրուած ֆիլմի անոնսը:

Արցախի առեւանգուած ու պատանդառուած ղեկավարներուն հանդէպ ցուցաբերուող նման քայլը հերթական անգամ կը բացայայտէ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն որդեգրած քաղաքականութեան հակահայկական էութիւնը:

Ամօթալի նմանօրինակ գործողութիւններով ուղղակիօրէն կ՝ոտնահարուին եւ կ՝անարգուին միջազգայնօրէն ճանչցուած մարդկային հիմնարար իրաւունքները։ Հերթական անգամ փորձ կը կատարուի գերեվարուած անձերուն խոցելիութիւնը օգտագործելու անբարոյ գործելաոճի միջոցով ապակողմնորոշել միջազգային հանրութիւնը եւ տասնամեակներ շարունակ ազրպէյճանական բռնութիւններու ու գոյաբանական սպառնալիքներու դէմ արցախահայութեան մղած ինքնորոշման արդարացի պայքարը ներկայացնել իբրեւ ահաբեկչութիւն:

Գերեվարուած հայորդիները նուաստացնող բացայայտ այս գործողութիւնները կրկին ակներեւ կը դարձնեն խաղաղութեան հասնելու ազրպէյճանի ղեկավարութեան հաւաստիացումներուն կեղծ ու նենգամիտ բնոյթը:

Խաղաղութիւնը չի կրնար կերտուիլ հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան ոտնահարման, ատելութեան ու թշնամանքի շարունակական սերմանման եւ արցախահայութեան արդար իրաւունքներուն հանդէպ անյարգալից դրսեւորումներու պայմաններով:

Հայաստանի իշխանութիւնները «խաղաղութեան դարաշրջան» կերտելու իրենց ձգտումներուն մէջ առաջնայնօրէն պէտք է հասնին ազրպէյճանի կողմէ նմանօրինակ թշնամական գործողութիւններու բացառման եւ բոլոր հայ գերիներու անպայմանաւոր ազատ արձակման:

Կոչ կ՝ուղղենք միջազգային հանրութեան, մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող կազմակերպութիւններուն` համարժէքօրէն արձագանգելու հայ գերիներուն հանդէպ ազրպէյճանի դրսեւորած յիշեալ զազրելի գործողութիւններուն եւ առաւել գործնական ու ազդու միջոցներ կիրառելու հայ գերիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հայրենիք շուտափոյթ վերադարձի ուղղութեամբ:

Կ՝աղօթենք Երկնաւոր Տիրոջ, որ զօրացնէ բոլոր նեղեալներն ու գերեալները` յաղթահարելու համար մարդկային չարիքի ու արհավիրքի պատճառած զրկանքներն ու տառապանքները:

Թող Ամենազօր Աստուած օրհնէ մեր երկիրն ու ժողովուրդը եւ խաղաղութիւն սփռէ համայն աշխարհի ու մեր տարածաշրջանի մէջ»: