Միջինքի Ժողովրդական Սովորութիւնները
Անիրաւ տնտեսի Կիրակիէն ետք, մեծ Պահքի 24-րդ օրը (այս տարի՝ Մարտ 6) կը կոչուի Միջինք:
Մեծ պահքի ընթացքը քիչ մը մեղմելու համար՝ հայոց կենցաղին մէջ ընդունուած էր Միջինքի ծէսը։ Այդ օրը տանտիրուհիները կը պատրաստէին միջինքի բաղարջ, որ յայտնի է նաեւ միջնաբաղջ, կլոճ, յարեգիլ, միջնակ լոճ, միջնապլիթ, կուտապ եւ այլ անուանումներով։ Միջինքի մէջ պարտադիր կը դրուէր որեւէ նշան՝ դրամ, հլուն, լուբիա եւ այլն։ Միջինքը ամանորեայ տարեհացի նման պէտք է ապահովէր օճախի,
ընտանիքի անդամներու բարեկեցութիւնը, անասուններու, հողի եւ հիմնական տնտեսական զբաղումներուն ապագայ յաջողութիւնը։
Հետաքրքրական է Միջինքը կտրելու ծէսը․ երեկոյեան, տան աւագը, բաղարջ հացը կը դնէր տան ամենափոքր անդամի մէջքին եւ կը կտրէր։ Անկէ հաւասար բաժին կը հանէին ե՛ւ տան բոլոր անդամներուն, ե՛ւ ընտանի կենդանիներուն ու հողին։ Որուն բաժինէն որ նշանը ելլէր, այդ տարուան ընթացքին անոր յաջողութիւնը ապահովուած կը համարուէր։
Հին Ջուղայի մէջ կը հաւատային, որ եթէ բաղարջը կտրելու ժամանակ, նշանը դիպչէր դանակին, ընտանիքի ապրուստի աղբիւրը հողը պիտի ըլլար․ դանակը կը նոյնացուէր գութանի խոփին հետ։ Այժմ տարածուած պատկերացման համաձայն` նման պարագային՝ յաջողութիւնը կը վերագրուի ընտանիքի բոլոր անդամներուն։
Միջինքին ինչպէ՞ս կը լուծեն պահքը
Միջինքի օրը պահքը չի լուծուիր, այլ կը պահուի նոյն խստութեամբ: Կարելի է Միջինքին, ազգային սովորոյթը յարգելով, պահքի գաթա թխել եւ ճաշակել՝ առանց գուշակութեան միտումներու:
Միջինքի տօնածիսական ճաշատեսակներ
Տապլա։ 3 գաւաթ ալիւր, 1 ու կէս գաւաթ ջուր, կէս գաւաթ շաքար, 2 թ. դգալ թթխմոր, 3 ա. դգալ ձէթ, 1/4 գաւաթ մեղր, 1/4 գաւաթ չամիչ, 1/4 գաւաթ ընկոյզ:
Շաղել խմորը՝ խառնելով ալիւրը, շաքարն ու թթխմորը, ապա ձէթն ու ջուրը: Ձգել 2 ժամ, որ հանգստանայ:
Պատրաստել կլոր կամ ձուաձեւ հաց, վրան ջուր քսել, ապա լեցնել չամիչն ու ընկոյզը եւ թխել ջեռոցի մէջ միջին ջերմաստիճանով՝ 30-40 վայրկեան: Ջեռոցէն հանելէ ետք վրան մեղր քսել:
Թօփիկ։ Խմորին համար անհրաժեշտ է՝ 2 գաւաթ նախապէս թրջած սիսեռ, 2 խաշած գետնախնձոր, աղ միջուկի համար, 3 սոխ, 2 ա. դգալ ձէթ, 1/2 գաւաթ թահին, 1/2 գաւաթ ընկոյզ, 1/2 գաւաթ չամիչ, քիմիոն, կարմիր եւ սեւ պղպեղ:
Սիսեռը աղալ, աւելցնել խաշած գետնախնձորը եւ շաղել, ապա վերածել ընկոյզի մեծութեամբ գնդիկներու:
Միջուկին համար առատ սոխառածի վրայ աւելցնել մնացած բաղադրիչները: Պատրաստել 15×15 սմ կտաւէ կտորներ, վերցնել ընկոյզի մեծութեամբ խմորը, փոսիկ ընել, լեցնել միջուկով, փակել, ապա կտաւին մէջ դնել, ծրարի ձեւ տալ ու կապել:
Երբ բոլորը պատրաստ են, խաշել առատ աղաջուրի մէջ, մինչեւ որ ծրարները ջուրին երեսը բարձրանան:
Մատուցել կիտրոնով, սխտորով, ձէթով եւ կծու պղպեղի թացանով: