40 Տարեկանը Անց Կանանց Տասը Հիանալի Յատկանիշ
Եթէ կը մտածէք, որ 40 տարեկանէն ետք կեանքը կ՝աւարտի, պէտք է անյապաղ ընթերցէք այս յօդուածը եւ բացայայտել ձեր տասը հիանալի յատկանիշները:
1. 40 տարեկանէն բարձր կանայք միշտ դրական ու լաւ տրամադրուած են, քանի որ վատը արդէն անցեալի մէջ է։ Այս կանայք կը հաւատան միայն լաւին, քանի որ շարք մը դժուարութիւններ յաղթահարելով` մանր խնդիրները անոնց այլեւս չեն մտահոգեր: Անոնք արդէն աւելի սուր տեսողութիւն, զգայուն լսողութիւն, նուրբ ձեռքեր եւ խելացի միտք ունին:
2․Նման կանայք գեղեցիկ են։ Ո՛չ, հաւանաբար բարեկազմ չեն, բայց շատ գեղեցիկ են. ուստի գնահատեցէք անոնց կազմուածքը, դէմքի հմայքը: Ատոնք են 40-էն բարձր կանանց առաւելութիւնները:
3.Անոնք արդէն յագեցած են «միլիոններէն», «ասպարէզէն», «յաջողակ ըլլալէն» եւ «հասարակական կարգավիճակէն»։ Անոնք այժմ գիտեն ճշմարտութիւնը. կարեւոր չէ այն, ինչ կը ցուցադրեն հեռատեսիլով, հասարակական կայքերով, համացանցով եւ այլն: Կեանքի մէջ կարեւորը նոյնինքն կեանքն է, անոր համը, գոյնը, ռիթմը, ամէն օրը վայելելու եւ հաճոյք ստանալու ունակութիւնը:
4.Այս կանայք շատոնց հրաժարած են սուր մտքերէն եւ տունէն դուրս գալու համար նախատեսուած յատուկ զգեստներէն։ Անոնք արդէն դադրեցուցած են «աշխոյժ փնտռտուքը», քանի որ այս կանայք արդէն գտած են այն մէկը, որ իրենց կողքին է այսքան տարի: Եւ ահա այսքան բանական ըլլալը կ՝օգնէ անոնց աւելի ու աւելի հետաքրքրական ըլլալու դիմացինի համար:
5.Անոնք կրնան ե՛ւ հեկեկալ, ե՛ւ խանդավառ ծիծաղիլ։ Անոնք արդէն կրնան խախտել բոլոր հասարակական արգելքները, հասարակութեան կողմէ ընդունուած կանոններն ու պահանջները: Այս կանայք արդէն կ՝ատեն անտեղի զուարճանալն ու ժպտալը, երբ լալլու մեծ ցանկութիւն ունին, անոնք արդէն յոգնած են կառավարելէ եւ իրենք զիրենք վերահսկելէ: 40 տարեկանէն բարձր կանայք արդէն ազատ են, զգայուն եւ բնական…
6. Անոնք կ՝ապրին այնպէս, ինչպէս կը շնչեն. Պահ մըշատ բուռն, պահ մը
շատ մեղմ…։ 40 տարեկանէն բարձր կանայք կը շնչեն ու կը զգան կեանքի ռիթմը, եւ այս շրջանին ալ անոնք կը սկսին ապրիլ կեանքին համընթաց:
7.Անոնք շատ հետաքրքրասէր են։ «Այո՛, ես ատիկա գիտեմ» արտայայտութեան փոխարինելու կու գան «աղջիկներ, այստեղ ինչ հաճելի է» խօսքերը: Անոնք կը սկսին նոր հետաքրքրութիւններ ձեռք բերել, նոր շունչով լեցուիլ` նկարել, ստեղծագործել, ասեղնագործել եւ այլն:
8.40-էն բարձր աղջիկները մօրաքոյրներ չեն։ Անոնք երկար կիսաշրջազգեստ կը հագուին, որովհետեւ այդպէս շատ գեղեցիկ է, սակայն չեն մոռնար նաեւ կարճ կիսաշրջազգեստներու եւ ճինզերու մասին: Իսկ թանկարժէք զարդերուն փոխարինելու կու գան աքսեսուարները. չէ՞ որ անոնք այլեւս կարիք չունին
ցոյց տալու, որ «ես նոյնպէս ադամանդէ զարդեր ունիմ»: Անոնց համար կարեւոր է, որ գեղեցիկ տեսք ունենան: Նման կանանց չեն հետաքրքրեր եղանակի նորաձեւ միտումները: Անոնց համար կարեւորը գեղեցիկ ըլլալն է, որուն իբրեւ արդիւնք անոնք շատ աւելի գեղեցիկ, հմայիչ ու կանացի կը դառնան:
9.40-էն ետք կանայք կը դադրին մտահոգուելէ իրենց կշիռքով։ Որովհետեւ սէրը, կենսասիրութիւնը, աշխոյժ շարժումները, աշխատանքը շատ աւելի կարեւոր են, քան մարզասրահներն ու գեղագիտական վիրաբուժութիւնները: Ահա այս է պատճառը, որ անոնք այդքան բնական են ու գեղեցիկ:
10.Անոնք կը գնահատեն ամէն վայրկեանը։ Այս կանայք գիտեն վայրկեանի արժէքը, ո՛չ մէկ տեղէ կ՝ուշանան, ամէն ինչ կը հասցնեն եւ երբեք չեն շտապեր: Անոնք չեն պայքարիր որեւէ բանի հասնելու համար, այլ պարզապէս կ՝ապրին եւ վստահ են, որ 40 տարի անց աւելի հետաքրքրական պիտի ըլլայ…