Կրօնափոխութենէն Սահմանադրափոխութիւն․ «Ազդակ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Աւարայրի գաղափարախօսութեան այսօրուան ընկալումը հրատապ հրամայականներու մասին ընդգծումներ կը կատարէ։

Աւարայրը նախ եւ առաջ կը յուշէ հոգեւոր, աշխարհիկ ու ռազմական ղեկավարութեան համախմբում եւ գոյաբանական տարողութիւն ունեցող վտանգին դիմաց մէկ ամբողջութեան գիտակից ինքնավերածում։

Այս ամբողջականութեան մէջ առանցքային են եկեղեցւոյ եւ զինուորական հրամանատարութեան կամ օրուան իշխանութեան միակամութիւնը, համագործակցութիւնը եւ միասնաբար ժողովուրդը առաջնորդելու քաղաքական որոշումը։

Արտաշատի ժողովը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ ամբողջ ժողովուրդի եկեղեցական, իշխանական եւ զինուորական ղեկավարութեան միասնութիւնը։ Գիտակցումը, որ կրօնափոխութիւն պարտադրելով, հայութեան թշնամիները առաջադրած են էովին փոխել հայ ազգը։ Հպատակեցնել, ենթակայ ժողովուրդի վերածել եւ այնուհետեւ հիմնովին վերափոխել ամբողջ քաղաքակրթութիւն մը։

Բիւզանդիոնի եւ Պարսկաստանի միջեւ յայտնուած Հայաստանը աշխարհագրական կարեւորագոյն կամուրջ էր, որուն ամբողջական տիրապետումը ճակատագրորոշ կ՛ըլլար այդ օրերու կայսրութիւններուն կիրարկած քաղաքականութեան իրականացման առումով։

Արտաշատի ժողովը միակամ կ՛որդեգրէր Յազկերտի ո՛չ ըսելու որոշումը՝ իմացեալ մահուան գերադասումով չենթարկուելու թշնամիին պարտադրանքներուն։

Կրօնափոխութիւնը ամբողջական տիրապետումի՝ իր բոլոր հասկացողութիւններով, միջոց էր պարզապէս։

Ազրպէյճանի Յազկերտը հիմա կը պահանջէ փոխել մեր Սահմանադրութիւնը։ Պաշտօնապէս։ Այլապէս, կը սպառնայ պատերազմով։ Չէ փոխուած մեթոտը։ Պարտադրանք եւ չկատարեու դիմաց՝ պատերազմի սպառնալիք։ Եթէ հազարամեակներ առաջ կրօնափոխութիւնն էր պահանջը ամբողջական տիրապետումի համար, հիմա սահմանադրափոխութիւնն է, նոյն նպատակին համար։ Այլապէս, պատերազմ։

Ի սպառ կը բացակայի սակայն Արտաշատի ժողովը։ Գոյութիւն չունին եկեղեցի-իշխանութիւն-զինուորական հրամանատարութիւն համակարգումն ու միասնականութիւնը։ Ընդհակառակը։ Խզուած են եկեղեցին եւ պետութիւնը։ Պառակտուած է հասարակութիւնը։ Վարդանի փոխարէն իշխանութիւնները ներկայացնողները շատ արագ պատրաստ են ենթարկուելու սահմանադրափոխութեան պահանջներուն։ Չի գումարուիր նոր Արտաշատը։

Եթէ պարսիկ Յազկերտները, օրին, հաւատափոխութեամբ կ՛ուզէին ամբողջական հպատակումի ենթարկել հայ ժողովուրդը, ապա թուրքեւազրպէյճանական Յազկերտները այսօր Սահմանադրութեան փոփոխութեամբ կ՛ուզեն իրենց ենթակայութեան տակ առնել պահանջազուրկ, իր պատմական բոլոր իրաւունքներէն հրաժարած ժողովուրդ մը, որ ո՛չ Արցախի վերամիաւորման, ո՛չ համայն հայութեան իղձերու կենսագործման եւ ո՛չ ալ պատմական իրաւունքներու վերականգնման ուղղութիւններով շարունակէ արարել, ստեղծագործել ու զարգանալ։ Ժողովուրդ մը, որ յանուն կեղծ խաղաղութեան, համաձայնի սահմանադրական իրաւականութենէ դուրս բերել այդ բոլոր հիմնադրոյթները։ Ժողովուրդ մը, որ արցախեան Վարդանանցէն ետք չմտածէ անգամ Վահանեանքով շարունակելու Արցախի վերաազատագրումին մասին եւ որեւէ կարելիութիւն չունենայ նոր Նուարսակի դաշնագիր կնքելու։

Մեզի պէտք է ուրեմն նոր Արտաշատի ժողով մը, որ կը հրաւիրուի այս բոլորին գիտակից նոր իշխանութիւններու կողմէ։ Որ Վարդանանցի խորհուրդով կը վերստեղծէ պետութիւն-եկեղեցի միութիւնն ու ներհասարակական համերաշխութիւնը․ որ արտաշատեան գաղափարախօսութեան կառչած, 88-ի Աւարայրի հետքերով կը յաջողի կազմակերպել դիւանագիտական, քաղաքական եւ ռազմական նոր Վահանեանց շարժում մը, թշնամիին պարտադրելու համար  ոչ թէ այսօրուան կէտերով պարտուողական «խաղաղութեան» պայմանագիր մը, այլ նոր Նուարսակի դաշնագիր մը։