Ազգային Միասնականութիւնը` Հրամայական Եւ Ոչ Ցնորաբանութիւն․ Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Մի աշխարհ մնաց այնտեղ, բարտիներով, գետերով,
Լեռներն ի վար ծալ-ծալ իջնող անիրական եթերով»

ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ

Հազարներ էին, որոնք գիշերուան մը մէջ հաւաքուեցան եւ նետուեցան ճամբայ:

Շատեր այրեցին իրենց տուները, ուրիշներ  իջեցուցին վանքի զանգերը, իրենց ինքնաշարժերուն մէջ տեղաւորեցին ու փոխադրեցին ապահով տեղեր:

Եւ տակաւին ուրիշներ, խաչքարերը իրենց կռնակին` շալկած, տարին հետերնին, որպէսզի չքանդուին, ինչպէս Նախիջեւանի խաչքարերն ու  մեր մշակութային կոթողներն էին քանդուած:

Ծերունիներ, վերջին անգամն ըլլալով, իրենց տնակին փայտեայ կիսախարխուլ դուռը  փակեցին ու ճակատները պահ մը դրան վրայ հակած` հեկեկալով կղպեցին ու դանդաղ, ակամայ ուղղուեցան դէպի օթոպիւսները, շալկած պիտանի  քանի մը իրեր` վերջին վայրկեանին հաւաքած, եւ հազարամեակներու հողին ու քարին հրաժեշտ  տուին:

Կը վերադառնայի՞ն արդեօք, թէ՞ վերջին անգամն ըլլալով կը փակէին այդ դուռը եւ կը մեկնէին անդարձ: Ո՜վ գիտէ…

Հարիւր տարի ետք  պատմութիւնը կը կրկնուէր, ճիշդ այնպէս, ինչպէս 1915-ին մեր պապերը  տեղահանուեցան Արեւմտեան Հայաստանէն եւ անգամ մըն ալ չվերադարձան:

Ի՜նչ հեգնանք:

Մարդկային իրաւունքներու ամենահզօր ժամանակահատուածին, արդարադատութեան ատեաններու եւ հաղորդակցական միջոցներու անշրջելի առկայութեան մանաւանդ ի դէմս ազատ, անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան  եւ «հզօր» սփիւռքի առկայութեան պատմութիւնը կը կրկնուէր:

Բազմաթիւ էին տխուր ու ցաւալի տեսարանները:

Ամէն մէկուն հետ կը վերապրէինք զուգահեռը մեր հայրերուն ու մայրերուն` տեղահանութեան մասին նկարագրութիւններուն ու ցաւերուն, որոնք մինչեւ մահ իրենց հետ տարին` իրենց դարաւոր հողն ու տունը, աշխարհ մը ամբողջ ետեւ  ձգած ըլլալու դառնութիւնը վերապրելով:

Ամէնէն ահաւոր ու անհաւատալին այս տեսարաններէն, այդ համեստ ու դրան ճեղքերէն ներս յստակ տեսնուող տուներէն մէկուն պատկերն էր, ուր տեսարանը   սարսուռ ու սոսկում կը  պատճառէր դիտողին:

Տան ընդհանուր ակնարկ մը նետելէ ետք, միջին տարիքով տղամարդ մը դուռը փակեց եւ դուրս ելաւ պարտէզ, ուր երկու ուրիշ տղամարդիկ զինք կը սպասէին բահերն ու բրիչը ձեռքերնին: Սկսան պարտէզը փորել եւ շատ խորունկ չփորած` հանեցին յայտնաբար նոր թաղուած հարազատ մը` կապոյտ կերպընկալի մէջ փաթթուած, մաքրեցին հողը, որ պատած էր դին, շատ զգուշաւորութեամբ եւ ակնածանքով վերցուցին ու տեղաւորեցին ինքաշարժին մէջ:

Ուրիշ ոչինչ առին: Միակ ու ամէնէն թանկ բանը, որ ունէին, բացայայտօրէն, հողէն հանուած դին էր, որ դագաղ մը անգամ չունէր: Հեռատեսիլին առջեւ քարացած կը դիտէի անհաւատալի ու ահաւոր տեսարանը: Լուսանկարիչը ինք եւս չէր հաւատար նկարածին, եւ նկարչամեքենային ոսպնեակը ուրիշ ուղղութեամբ չէր դարձներ, սեւեռած էր կերպընկալի մէջ փաթթուած դիին, որուն սակայն սեռը կամ տարիքը անկարելի էր գուշակել: Այս բոլորը քանի մը երկվայրկեանի մէջ սփռուած տեսարանին մէջն էր, ուրկէ կ՛արձակուէր մարդկային ողբերգութեան անչափելի ահաւորութիւնը` անասելի ապրումներու եւ յուզումներու խռովքներով շաղախուած:

Որդի՞ն  էր արդեօք, զինուո՞ր, նո՞ր մահացած ազերիական ռմբակոծումէ, որ կը տանէր հետը, թէ՞ ուրիշ հարազատ մը, չէի կրնար կռահել: Լուռ էին, ու անխօս տեղի կ՛ունենար փոսէն հանելու եւ դիակը ինքնաշարժին մէջ տեղափոխելու արարողութիւնը:  Տարիքոտ մարդը: Կ՛ենթադրեմ, որ հայրն էր, նստաւ դիակին մօտ, գլուխը ափերուն մէջ առած` սկսաւ հեկեկալ, եւ ինքնաշարժը ճամբայ ելաւ…

Ո՜ւր կը տանէր  խեղճ մարդը այդ դին,  որ անտարակոյս միակ ունեցուածքն էր, իր հարստութիւնը, իր յոյսն ու ապաւէնը, իր ծերութեան եւ անկարութեան օրերու միակ  յենակը, որ հիմա թէկուզ այլեւս անկենդան ու սառած, բայց տակաւին կը մնար կառչած անոր` ուժ եւ ապահովութիւն զգալով անոր ի տես, եւ կամ մերժելով հաւատալ պատահածին ու մահուան:

Ո՞ւր կը տանէր, երբ հորիզոնի անհունութեան վրայ անորոշութեան ու անյայտին գորշ ու զարհուրելի սկիզբն էր, որ կը բացուէր: Ի հարկէ չէինք կրնար կռահել անգամ: Բայց ո՞ւր թողնէր, ինչպէ՞ս եւ որո՞ւ, երբ քաջ գիտէր, որ թշնամին պիտի փոշիացնէր հետքն անգամ հայուն, պիտի աւերէր գերեզմաններն ու վանքերը, մինչ ինք, այցի պիտի գար ամէն շաբաթ, նստէր շիրիմին մօտ ու զրուցէր որդիին հետ,  խօսէր կեանքի եւ մահուան, բաժանումի ու ճակատագրի դառն ու կսկծացնող ցաւերու մասին  եւ սիրտը պարպած` ուժ առնէր անկենդան, բայց տակաւին իր հոգիին մէջ տրոփող սիրելիէն:

Մարդկային զգայնութիւններու գերագոյն պատկեր մըն էր պարզուածը:  Երկու հակադիր վիճակներ,   վշտահար հօր  մը տագնապն ու յոյսին կառչած ըլլալու իմացականութեան ապրումը, որ կ՛ամբողջանար հայրենական տունն ու հողը լքելու ու ընդմիշտ կորսուելու մարդկային ժխորին ու խաժամուժին մէջ` կորսնցնելով տունն ու հողը, որդին եւ  ապագայի յոյսը: Կեանք, որուն իմաստը մէկ օրէն միւսը պարպուելով` կը վերածուէր ունայնութեան: Հազարներ էին իրեն նմանները, որոնց հաւանաբար նկարիչին ոսպնեակը չէր հասած նկարելու…

Հազարամեակներու Արցախը իր տունն էր եւ  այդ փոքրիկ ու խարխուլ տնակը` իր ամրոցը, իր ապահովութիւնը, իր արմատներն ու հարստութիւնը, հազարամեակներու պատմութիւնն էր` սխրալի յաղթանակներով եւ տխուր պարտութիւններով վաստկած: Իր ինքնութեան  ժառանգութիւնն  ու  պատկանելիութիւնն էր` դարերու խորութեամբ  չափուած, որմէ արմատախիլ կ՛ըլլար` պարպուելով իր էութենէն ու գոյութեան իմաստէն:

Հպարտութիւնը` ջախջախուած, եսը` անարգուած,  պատկանելիութիւնը` գողցուած, յանձնուած` անորոշին ու անյայտին, կ՛երթար մարդկութիւն կոչուած զանգուածին մէջ խառնուելու եւ ի վերջոյ կորսուելու…

Արցախը` հազարամեակներու իր հայրենիքը,  իր իսկ աչքերուն առջեւ կը խլուէր, եւ ինք անոր պաշտպանութեան  համար տուած էր իր ամենաթանկը` որդին, մատղաշ, սիրուն ու անփորձ: Հիմա ինք անզօր ու զինաթափ, խաբուած ու  հիասթափ` չէր գիտեր զո՞վ անիծել` ազերի թո՞ւրքը, թէ՞ իրեն հարազատ ներքինիները:

Եւ կա՛յ տակաւին աւելի նուաստացուցիչը: Հայրենի տան մէջ, դուրսէն եկուոր գաղթական մը, կամ առաւելագոյնը, իր հայրենակիցներուն գութին ու կարեկցանքին կարօտ, աղքատ ազգական մը ըլլալու հանգամանքը: Անտուն ու լքուած, անկարող` բողոքելու ու ընդվզելու, եւ անկարող` միաւորուելու իրեն նմաններուն հետ, իր ընդվզումն ու բարկութիւնը արտայայտելու:

Բայց Արցախը Հայաստան չէ՞ր:

Եթէ ցարդ սփիւռքն ու Հայաստանն էին իրարմէ օտարուած ու խորթ իրարու, այսօր արցախցին է օտարուած իր հայրենիքէն ու խորթ` իր հայրենիքին մէջ:

Օժանդակութիւնները կը հասնին որոշ տոկոսով տեղահանուածներու, կայ մեծամասնութիւն մը, որ տակաւին չունի ապաստան, չունի նիւթական կարելիութիւններ: Իսկ համապարփակ քաղաքականութեան կամ ծրագրի մը գոյութիւնը տակաւին շօշափելի չէ` աղքատութիւնն ու անոր առնչուող խնդիրները,  արտագաղթը, վերահաս դարձնելով:

Չի բացառուիր նաեւ, ծրագիրներու բացակայութեան, մերուելու ընթացքին դանդաղեցումը ու իրենց ճակատագրին լքուած հաւաքականութիւններու վերածուելու  անխուսափելի հետեւանքը, որ պիտի ըլլայ  չարաշահումն ու շահագործումը` յանգելով նիւթական, բարոյական եւ հոգեբանական քայքայման:

Անխուսափելի է նաեւ «բեռ» մը ըլլալու անհաճոյ ու ցաւալի երեւոյթը, երբ արդէն տեղացին տնտեսապէս կը տուայտի, երբ քիչ անդին հայրենի գիւղերը այնքա՛ն կարիքը ունին հողին վարժ ձեռքերու:  Բայց ո՞վ պիտի համադրէ:

Ինչպէ՞ս ընել, որ անոնք չօտարուին հայրենիքէն,  չդիտուին որպէս «եկուորներ» եւ ժամանակ մը ետք չդառնան «ախպար», ինչպէս պատահեցաւ Բ.  Համաշխարհային պատերազմին, հայրենադարձներու պարագային, որոնք առաջին իսկ առիթին չվարանեցան արտագաղթելու:

Կայ տակաւին աւելի էականը. արցախցին պիտի կարենա՞յ Արցախին վերատիրանալու, Արցախ վերադառնալու, Արցախը չմոռնալու ոգին ներարկել իր զաւակներուն: Պիտի արտօնուի՞ երազել ու փայփայել, թէ օր մը գուցէ շրջուի կեանքի եւ պատմութեան անիւը, ու կարենան Արցախին վերատիրանալու յոյսը ներշնչել իրենց զաւակներուն, թէ՞ Արցախը ազերիական տարածք է ու վե՛րջ, եւ փակուին բոլոր հնարաւորութիւններն ու նոյնիսկ երազելու կարելիութիւնները, եւ  ջնջուին պատմութեան էջերէն Արցախը երազել տուող գրականութիւնն ու պատմութիւնը, աշխարհագրութիւնը` ջնջելով Արցախի հետքն անգամ, ընդունելով համակերպիլ կորսուածին հետ:

Երբ «Հայաստանը այսօր ճանաչում է Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղը մէջը», կը յայտարարէ Ազգային ժողովի նախագահ Ա. Սիմոնեանը, եւ թուղթի կտորներ հրապարակ կու գան իբրեւ վաւերական  քարտէսներ` ըսուածը հաստատելու համար, կը միտի միայն առաջնորդելու ստրկամտութեան, թուրքին հպատակելու ստրկամիտ հոգեբանութեան:   Մինչ Գանձասարն ու Դադիվանքը, Ամարասն ու հազարաւոր վանքերը, տակաւին 4-րդ դարէն, կը ճառագայթեն հայ մտքի փայլատակումները` իրենց դարաւոր գոյութեամբ ու լոյս կը սփռեն աշխարհին ու մարդկութեան, երբ ազերին գոյութիւն անգամ չունէր տակաւին: Երբ պատմութեանն անգամ անտեղեակ թէ մայրաքաղաք Պաքուն կը կրէ Բակուր հայ իշխանին անունը դեռ ՔԵ 1178  թուականէն  ի վեր  եւ տեղեակ անգամ չեն  այդ  անուան ծագումին[1]:

Պիտի թողնե՞ն հայրենի մտաւորականութիւնն ու պատմագէտները, որ այս անգէտ  քաղաքականութիւն խաղացող  «դիւանագէտները», թշնամիին հաճոյանալու իրենց քստմնելի բոլոր ճիգերուն մէջ, ջնջեն մեր յիշողութիւնն ու անցեալը, ճշդեն պատմութեան ընթացքը, խլեն գալիք սերունդներէն Արցախ վերադառնալու եւ Արցախին վերատիրանալու երազն անգամ` խլելով անոնց ինքնութիւնն ու արժանապատուութիւնը,  փոշիացնելով հազարամեակներու մեր պատմութիւնն ու  յիշողութիւնը :

Ահա՛ հոգեվիճակ մը, որ կ՛ապրի իւրաքանչիւր հայ աշխարհի ամէն մէկ անկիւնի մէջ: Հիասթափութիւն, պարապութիւն, օտարուածութիւն, անհեռանակար ու մութ ապագայ:

Անցնող հարիւրամեակին իւրաքանչիւր սփիւռքահայ ապրեցաւ հայրենիքը կորսնցուցած ըլլալու ցաւը իր հոգիին մէջ, բայց հաւատաց լոյսի այն շողին, որ կը փայլատակէր հոգիին  խորը` ի տես փոքրիկ Հայաստանի գոյութեան, փարատելով ցաւը, մնացածով ապրելու, շինելու, արարելու, կրկին ուրախանալու, յոյսի բերկրանքը ապրելով: Բայց ահա թշնամիին պատճառած ցաւէն աւելի սուր կը խոցեն ու հատու կը հարուածեն մեր սրտերը հայրենի իշխանութիւններու անտարբեր, նիւթապաշտ ու խարդախ դրուածքը հայրենիքին նկատմամբ, յուսահատութեան մատնելով եւ պարպելով  հայութիւնը իր հայրենիքին հանդէպ` հաւատքէն, նուիրուածութիւնէն ու վստահութենէն:

Ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ ընել փրկուելու համար համազգային այս աղէտէն, ինչպէ՞ս ոտքի կանգնիլ այսքան համատարած հոգեկան քայքայումէն ետք:

Հայրենիքի փրկութեան գործընթացը միա՛յն համազգային ճիգերով կարելի է վերականգնել:

Այս հարցին լուծումը եւ հայրենիքի վերականգնումի խնդիրը  խումբ մը մարդոց չի պատկանիր, ընտրանիի մը  հարցը չէ, որ ինքզինք կոչած է պատասխանատուութեան: Այս հայրենիքը ի՛մս է,  քո՛ւկդ է, մե՛զի է, եւ այս հարցին լուծումը համազգային ճիգերով գտնելու պատասխանատուութիւնը բոլորի՛ս է: Բոլո՛րս պարտաւոր ենք մասնակից ըլլալ եւ որոշիչ դերակատարութիւն ունենալ հայրենիքի փրկութեան համար տարուած աշխատանքներուն:  Մենք պարզապէս ժառանգորդներն ենք մեզի աւանդուած հայրենի հողին եւ պարտաւոր ենք այդ  աւանդը փոխանցել մեզ յաջորդող սերունդներուն:

Եթէ անցնող հազարամեակներուն մեր պարտութիւնները մեզի դաս  չեղան, որովհետեւ, իբրեւ ժողովուրդ, չենք ստանձնած  պատասխանատուութիւնը մաս կազմելու մեր ապագայի որոշումներուն եւ լուծումներուն մէջ: Թողած ենք մարդոց, որոնք  կարճատես ծրագիրներու հետապնդումով եւ մանաւանդ  ստամոքսով առաջնորդուած են եւ չեն ունեցած տեսիլքը ապագային ու խիզախութիւնը` այդ տեսիլքը մարմնաւորելու, եւ պարգեւած են բարոյական յաղթանակներ  միայն: Ատոր փաստը մեր երեք հարիւր հազար քառակոսի քիլոմեթր տարածութիւն հաշուող Հայաստանն է, որմէ  այսօր ոչ թէ երեսուն, այլ 29-հազար քառակուսի քիլոմեթրը մնացած է միայն, մէկ տասներորդը,  եւ տակաւին չենք ալ գիտէր, թէ ի՛նչ ճակատագիր կը սպասէ այդ վերջին կտոր մը հողին:

Ժողովուրդը` իբրեւ տէրը հայրենիքին, պիտի ունենայ ի՛ր խօսքը եւ ի՛ր տեղը ազգի հարցերուն լուծումներուն մէջ: Այս գահվիժումին, այս անկումին առաջքը առնելու համար բոլո՛րս դեր  եւ  պատասխանատուութիւն ունինք: Բայց այդ դերն ու պատասխանատուութիւնը ունենալու համար մեր ժողովուրդը պէտք է սթափի, զգաստանայ, գիտակցի եւ զարթնի, թէ ո՛ւր կ՛առաջնորդուի ինք: Հանգիստ ու բարօր կեանք մը ապրելու համար կը զիջինք մեր արժանապատուութիւնը` մեր մնացած կտոր մը հողը եւս թշնաիին աւարը դարձնելով եւ յայտարարելով, որ «մենք հողային պահանջք չունինք», որ պատրաստ ենք առանց պայմանի ձեռք երկարելու հաշտութեան: Իսկ ամբարտաւան թշնամին կը համարձակի տանիքներէն յայտարարել, թէ ինք երբե՛ք ցեղասպանութիւն չէ գործած:

Այս յայտարարութիւնը բաւարար է` մեզ տանելու դէպի  անցեալ, վեց դարերու ստրկութեան նուաստացումին ու անարգ ստորացման: Ահա ա՛յս տեղ է, որ մենք պարտուած ենք, երբ կ՛ընդունինք եւ կը համակերպինք մեզի պարտադրուածին:

Ո՞վ եւ ե՞րբ պիտի միաւորէ հայութիւնն ամբողջ` հայաստանահայը, սփիւռքահայը եւ արցախցին, որոնք  իրենց հատուածականութեամբ եղան մեր գլխաւոր թշնամին: Եւ տակաւին արեւելահայն ու արեւմտահայը, երեւանցին եւ գիւմրեցին, լիբանանահայն ու սուրիահայը, ամերիկահայն ու ֆրանսահայը, եթէ ոչ` ազատ, անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Պիտի ունենա՞նք մեր ժամանակներու լուսաճաճանչ  առաջնորդը, որ միայն հայրենիքի սրբազան  կրակով կ՛այրի  ու կ՛արարէ: Խիզախ, նուիրեալ, հայրենասէր եւ իմաստուն, որ պիտի համախմբէ ողջ հայութիւնը, դո՛ւրս շպրտէ ստրուկը հայուն հոգիէն, ցրուէ՛ վախի եւ անտարբերութեան մթնոլորտը, վանէ՛  համակերպողի, հանդուրժողի  ստրկամիտ հոգեբանութիւնը եւ հաւատքով ոտքի կանգնեցնէ ողջ հայութիւնը եւ ազգային համախմբումի ծրագիրներու նոր ձեւաչափով վերականգնէ մեր պետականութիւնը:

Պետութիւն, որ համախմբէ բոլորը իր շուրջը, հայրենիքի մէջ եւ մէկ հայրենիքի համար, դառնանք  մէկ ազգ, խօսինք մէկ լեզուով,  գրենք մէկ ուղղագրութեամբ եւ դաստիարկենք մէկ պատմութիւն, որպէսզի դառնանք մէկ տեսակ ՀԱՅ եւ ներգրաւուինք հայրենիքի պաշտպանութեան պայքարին բոլո՛րս միասին ու  դուրս շպրտենք թշնամին  մեր հողերէն, որպէսզի ոչ ոք համարձակի մօտենալ մեր սահմաններուն:

Ի հարկէ դիւրին չէ, հագուստ չէ, որ կը փոխենք, երբ այսքան մասնատուած ենք, երբ ատելութիւնն ու անհանդուրժողութիւնը, լուտանքն ու թշնամանքը քաղցկեղի պէս կը տարածուին հայրենիքէն մինչեւ հեռաւոր սփիւռքները` հերձելով ժողովուրդի զաւակները ովկիանոսներէն ալ անդին: Բայց հայրենիքը կորսնցնելու հրամայականը վեր է բոլոր նկատառումներէ, առանձնաշնորհումներէ, կազմակերպութենէ, կուսակցութենէ  կամ «ես»-է:

Մեր թշնամին գրաւեալ տարածքներով երկիր դարձաւ, Բիւզանդիոնն ու Արեւմտեան Հայաստանը վերածեց Թուրքիոյ եւ յաջողեցաւ սերունդներ դաստիարակել` ստելով, պատմութիւնը նենգափոխելով եւ երբեք չընդունելով իր գործած ոճիրը: Պատրաստեց թուրք ազգայնամոլ ու մոլեռանդ հասարակութիւն մը,  որմէ թիզ մը հող կարելի չէ վերցնել այսօր, այն, ինչ իրը չէ, աւելի լաւ կը պաշտպանէ: Մինչ հայրենի մեր իշխանութիւնները, ցաւօք սրտի, մեր հազարամեակներու ժառանգութիւնը կը յօշոտեն:

Երեսուն տարուան անկախ պետութիւնը յումպէտս վատնեց անկախութեան ընծայած բոլոր հնարաւորութիւններն ու կարելիութիւնները:  Ո՛չ միայն Հայաստանը չկրցան հայրենիք դարձնել հայուն, այլեւ ազատագրուած ու անկախացած Արցախը չկրցան պահել, եւ երբ առիթը ներկայացաւ, այնքա՜ն շուտ ու արագ ազատուեցան այդ բեռէն, եւ արիւնով շահուած անկախութիւնը թշնամին վերցուց  առանց ընդդիմութեան:

Ափսո՜ս, հազա՛ր ափսոս մեր նահատակներուն, հազարաւոր պատանի զինուորներուն, որոնք կեանքի  արշալոյսը չդիմաւորած` գրկեցին ցուրտ ու սեւ հողը:

Ափսո՜ս հազարաւոր հաշմանդամներուն, որոնք ամէն օր կրկին  անգամ կը հաշմուին` ի տես հայրենիքի ջլատումին, երբ պիտի հպարտանային իրենց խեղուածութեամբ` իբրեւ ապացոյցը հայրենիքի պաշտպանութեան համար բերած  զոհաբերութեան, ու կրէին հաշմութիւնը` իբրեւ յաղթութեան  շքանշան, հայրենիքի ազատագրական պայքարին շահուած:

Ցնո՞րք էին արդեօք առաջին հանրապետութիւնը, Սարդարապատն ու Ղարաքիլիսան, երբ արնաքամ ու խաչուած մեր ժողովուրդը իր մէջ ուժ գտաւ եւ կարողացաւ վեց դարերու ստրկութեան լուծը թօթափել ու դարերուն խաւարին վրայ ազատ ու անկախ պետութիւն հիմնել:

Մինչ նոր օրերու անփառունակ պետական այրերը եօթը տասնամեակներու ամբողջատիրական վարչակարգի ստեղծած ընկերային բազմահատումն ու անձնակեդրոն կեանքը շարունակեցին շատ աւելի շեշտուած կերպով, ամբողջատիրական վարչակարգի փլուզումէն ետք ալ: Եկան իշխանութեան ղեկին, բայց չկեդրոնացան ազգային զարթօնքի եւ ազգային համապարփակ քաղաքական, ռազմական, կրթական, գիտական  ռազմավարութիւն մշակել: Ազատութեան ու անկախութեան փոխարէն` ունեցանք դիւանակալական բռնակալութիւն եւ անոր հետ առնչուող ճգնաժամային տագնապները: Մինչեւ օրս շարունակուող քաղաքական ձեռնավարութիւնը կը ծառայէ  քաղաքական ատելութիւն հրահրելու` օգտագործելով «մենք»-ի եւ «անոնք»-ի,  «մերժելու» եւ «ներառելու» որոմները, արմատաւորելով ատելութիւնը եւ յաւերժացնելով  բաժանման վիհը իր զաւակներուն միջեւ:

Երբ մեր պատմական ժառանգութեան յիշողութիւնը ճշմարիտին վրայ պիտի կառուցէին եւ համայն ազգի, ապագային յուսալիութեան վրայ աշխատէին,  ազգային միասնականութիւնը ամրապնդէին եւ ներքին խաղաղութիւնը պահպանէին:  Որմէ ետք կարելի  պիտի ըլլար ապագային յոյսը ունենալ` ազգային հիմնահարցերուն լուծումներ  առաջարկելու:

Բայց երբ մեր միակ մտահորիզոնը եւ մտահոգութիւնը կը դառնայ ընտանիք պահել, կուշտ ու հանգիստ ապրիլ,  կը կորսնցնենք  ե՛ւ հայրենիք  ե՛ւ լեզու ե՛ւ ինքնութիւն  ե՛ւ պատկանելիութիւն ե՛ւ  ազգը ամբողջ: Ահա թէ մեր պատասխանատուութիւնը ուրկէ՛ կը սկսի, երբ չունինք անոր գիտակցութիւնը:  Այստեղէն կը սկսի ազգային մտածելակերպը, ինքնաճանաչողութիւնը` հասնելու համար կեղծիքին  ու սուտին հանդէպ անհանդուրժողութեան, մերժելու քաջութեան ու հանգիտաբար տէր կանգնելու մեր հայրենիքին, լեզուին, մշակոյթին եւ պատմութեանը:

Կը հաւատանք տակաւին, որ պիտի գա՛ն, անպայման,  պետութեան հանդէպ  հաւատքով եւ հայրենասէր, իմաստուն ու խիզախ ղեկավարներ` Անդրանիկի, Արամ Մանուկեանի ու Նժդեհի շառաւիղէն  եւ` «Հօրս ոսկին է, ե՛ս եմ չափելու»,  ու ձեռք առնեն ղեկը պետութեան ու ազգին  եւ  համազգային տեսլականով ազգային ինքնութիւն դարբնեն ձուլելով նոր ՀԱՅԸ` ի հեճուկս բոլոր ընդհատակեայ սադրիչ որոմնացաններուն, թէ առասպելները հերոսներ չեն ծնիր այլեւս, եւ ազգային միասնականութիւնը ցնորք է միայն…

«Կանգնիր անկեալ ժողովուրդ,
Եւ հաւատա՛ եւ տոկա՛
Կա՛ քո վշտում վեհ խորհուրդ
Եւ խաչուածին մահ չըկայ»:

25 Դեկտեմբեր 2023

[1] Բակուրան, 1178, Օշինեաններու տոհմէն: Ալիշան, Սիսիսեան Վնտ.1885 Հայկական Սովետական Հանրագիտարան  էջ 246